2020-2021 տարեշրջանին, Հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար մտաւորական Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով այս տարի եւս քաջալեր հանդիսացաւ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողներուն, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովեցին:
 
Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հրաւէրով, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Մրցանակի տուչութեան ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, մրցանակին արժանացող աշակերտներն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ վարժարաններու տնօրէններ՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի տնօրէն Արուս Տէր Արթինեան եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչ Սագօ Աւագեան, հոգաբարձուներու եւ կրթական պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ:
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հալէպահայ երեք վարժարաններու տնօրէններուն, հոգաբարձուներուն, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Բացման խօսքով Մարինա Պօղիկեան յայտնեց, թէ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը կը տրամադրուէր բարձրագոյն նիշը ապահովող մէկ աշակերտի, սակայն 2018-2019 տարեշրջանէն սկսեալ Թեմակալ Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի ջանքերով մրցանակը սկսաւ տրամադրուիլ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող աշակերտներուն:
 
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանէն Զոհրապ Միրաքեան կիթառի վրայ մեկնաբանեց «Ատանայի Ողբը», ապա Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանէն Վանա Մարգէեան մեներգեց «Ալագեազ»ը, հայ դպրոցէն ներս հասակ առնող աշակերտներու հայրենաշունչ ոգիին թարգմանը հանդիսանալով:
 
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան Կիրակոս Գույումճեանի ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն, նշելով, որ յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, բարերարին փափաքին համաձայն ձեռամբ կը յանձնէ հալէպահայ ուսանողները քաջալերող «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի վկայագրերն ու նիւթական պարգեւները:
Սրբազան Հայրը գնահատեց հալէպահայ բոլոր վարժարանները, որոնք բծախնդրօրէն լծուած են հայակերտումի աշխատանքին՝ մեր պատանիներն ու երիտասարդները պահելով ազգային մաքուր միջավայրի մէջ: Այս առիթով ան գնահատեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի տնօրէնները, հոգաբարձուները եւ ուսուցչական կազմերը, որոնք նուիրումով կը ծառայեն կրթական կառոյցներէն ներս:
Մասիս եպիսկոպոս նշեց, թէ մրցանակին հիմնական նպատակներէն մէկն է ուսման ոլորտէն ներս մրցակցութեան ոգին աշխուժացնել, որպէսզի ունենանք բարձր նիշեր ապահովող որակեալ աշակերտներ, որոնք ապագային օգտակար կը դառնան իւրաքանչիւրը իր համայնքին, դպրոցին եւ եկեղեցւոյ:
«Այս մրցանակը կը բաշխուի հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական աշակերտներուն առանց խտրութեան, որպէսզի անոնք քաջալերուելով պահեն իրենց ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն սուրիահայութեան կեանքի վերելքին», աւելցուց ան:
Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ներդրումը նախկին հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի, որ մշտապէս իր ծննդավայրին մասին կը մտածէ եւ անոր նիւթապէս կ’օգնէ, որպէսզի հալէպահայ աշակերտները մնան այստեղ եւ գիտական նոր մակարդակներ նուաճելով օգտակար դառնան իրենց համայնքին եւ երկրին՝ Սուրիոյ:
 
Սրբազան Հօր ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան՝
Ա. Մեղրի Ստեփանեան (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան)
Բ. Արտաշէս Մալաքեան՝ (Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. Վարժարան)
Գ. Կրէյս Օտապաշեան (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարան)
 
Այս առիթով, Մասիս եպիսկոպոս կրկին անգամ շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէններն ու պատասխանատուները եւ նոր տարուան առիթով իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:
 
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւններու փոխանակում: