«Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր, մեզ թերահաւատութիւն չէ հարկաւոր, այլ եռանդ, մեզ տատանումներ չեն հարկաւոր, այլ վճռողականութիւն եւ յանդգնութիւն» Ք. Միքայէլեան Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ազգային Վարչութեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան Կիրակի,19 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 5։30-ին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակը՝ «Յաւերժական պայքար» խորագիրով։ Հանդիսութիւնը Կազմակերպած էր ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղը։ Հանդիսավարներ Յարութ Մելքոնեան եւ Լուսին Մելքոնեան բացումը յայտարարելով ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց քայլերգները։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պատկան մարմնի ներկայացուցիչ Խաչիկ Մելքոնեան, որ պարզաբանեց Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, դիտել տալով, որ ան եղած է հաւատարիմ աւանդապահը հայոց պատմութեան եւ աննահանջ առաջամարտիկը մեր ազգային ազատագրական պայքարին։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն արժանավայել կենսունակութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը զոհաբերութեան բոլոր ճակատներուն վրայ, աննահանջ ոգիով եւ անսասան կամքով, հայութեան հետ, հայութեան միջոցով եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային ի խնդիր։ Գեղարուեստական գունեղ յայտագիրով հանդէս եկան՝ Համազգայինի «Վանայ» պարախումբը երկու պարով, պարուսոյց՝ օր. Նանար Սարգիսեան։ ՍԵՄ-ի երգչախումբը երկու անգամ հանդէս գալով ներկայացուց ազգային, յեղափոխական երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նայիրի Խաչատուրեան- Թէօքմէճեանի։ «Սիրիայից Շուշի» մեներգը տպաւորիչ ձայնով մեներգեց Ռաֆֆի Օհանեան, իսկ «Ընկեր» երգը խոր ապրումով մեներգեց Սագօ Սիմոնեան։ Երգչախումբին եւ մեներգներուն ընկերացաւ երգեհոնահար Քրիստափոր Միքայէլեան։ «Ձօն Դաշնակցութեան» քերթուածը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Վանայ Կիրակոսեան։ Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ամփոփ պատմութեան տեսերիզը, որ պատրաստած էր տիար Մանուկ Դաւիթեան։ Օրուան պատգամը ուղղեց տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ նախ իր խորազգաց տպաւորութիւնը յայտնեց երիտասարդական այս ելոյթին նկատմամբ, զայն համարելով պատասխան Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան։ Ան նշեց, որ հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը համախմբուած կը բարձրացնէ «Յարատեւ պայքար՝ մինչեւ ամբողջական իրաւունքներու արդար հատուցում» կարգախօսը, ինչ որ փաստօրէն կը հաստատէ, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ տիրական ներկայութիւնը Սփիւռքի մէջ, որպէս ջահակիրը Համազգային ուխտի՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայաստանի տեսլականով։ Գէորգեան Դաշնակցութեան գործունէութեան պատմական անդրադարձ մը կատարելէ ետք, պարզեց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրադարձութիւններու հետեւանքներն ու այդ քաղաքականութեան վրայ ազդող ուժերու էութիւնը։ Եզրափակելով ան հաստատ, որ Դաշնակցութիւնը ժամանակի ընթացքին վերափոխեց հայու հոգին, ազգային գիտակցութեամբ լուսաւորեց ու կենսաւորեց հայ մարդը, զայն վերադարձնելով իր ցեղային ակունքներուն եւ վերազինելով իր տոհմային անկոռնչելի առաքինութիւններով։ Փակման խօսք արտասանեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որ գնահատեց տօնակատարութեան կազմակերպիչ մարմինը, երիտասարդութեան աշխոյժ եռանդը, միութենական հսկայ աշխատանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիական Հայրենիքի տարածքին հայութեան ազգային դրոշմի պահպանման համար։ Ապա Տէր Մասիս անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան՝ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործընթացին մէջ, մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի եւ տագնապի տարիներուն։ Այնուհետեւ սրբազան հայրը նորանոր վերելք մաղթեց Գամիշլիի մէջ գործող միութիւններուն, ազգային մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն։ Յաղթական երթ հայաստանին, Արցախին, Սուրիական հայրենիքին եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին։ Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ ՀՅԴ քայլերգով։ Հանդիսութենէն ետք, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում եւ խրախճանք, ապա՝ ՀՅԴ 131-ամեակի կարկանդակի հատում։ Հուսկ ընկեր Վրէժ Եագուպեան շնորհաւորեց կուսակցութեան ծառայութեան 131-ամեակը, հաստատելով, որ ան պայքարը պիտի շարունակէ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտում։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն