Աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2022 տարուան յատուկ կայքերու գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը,  ընդհանրականն ու յատկանշականը:
Այսպէս, կը հաւատամ, որ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:
Նման իրականութիւններ, անկասկած, որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի նման յայտարարութիւններու հաւատք ընծայելը: Պէտք է ըսել նաեւ, որ կարգ մը աստղաբաշխներ, ոչ միայն յոռետես չեն, այլեւ՝ բաւականին լաւատես: Այս վերջինները իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդու նոր զարթօնքի, այսինքն ելեկտրոնային ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու վրայ:
Չինական օրացոյց
Չինական լուսնային օրացոյցին համաձայն, այս տարին կ’անուանուի Վագրի տարի:
Չինական աւանդութեան համաձայն, երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իր հետ իր աստուծոյն տանիլ 12 կենդանի: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնետը եւ ապա անոր յաջորդած էին ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ’աւելցնէ նաեւ, որ ամէնէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զինք խաբելով, անոր տեղ գրաւած էր ու այսպիսով կատուն դուրս մնացած էր այս շարքէն:
Իր կարգին Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը կրկնուած է անասունին անունը:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.
1.-Առնետ- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032
2.-Ցուլ-1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033
3.-Վագր-1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022-2034
4.-Նապաստակ-1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2035
5.-Վիշապ-1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036
6.-Օձ- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037
7.-Ձի-1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
8.-Ոչխար-1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039
9.- Կապիկ-1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040
10.- Աքլոր-1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029-2041
11.-Շուն-1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042
12.-Խոզ-1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ, վագրը գրաւած է երրորդ տունը: Ըստ այս հին ժողովուրդի աւանդութեան, այս անվախ եւ սակայն վախազդու գազանը իր տան մէջ պահողը զերծ կը մնայ ոգիներէն, սատանաներէն եւ կրակէն: Այս կը նշանակէ, թէ վագրը գերբնական ուժի յատկութիւններու տէր անասուն մը նկատուած է:
Գիտնականներու համաձայն, վագրը սեռած է կատուէն, եւ սակայն չէ ընտելացած, եւ այս ձեւով դասուած է վայրի անասուններու շարքին: Շատ քիչ թիւով վագրեր բարեկամացած են մարդոց հետ կամ առանձնապէս եւ կամ կրկէսներու մէջ:
Կարգ մը հին ժողովուրդներու մօտ, ան իբրեւ հերոս նկատի առնուած է եւ մարդիկ զինք պաշտած են իր «ինքնավստահութեան» եւ «աշխուժութեան» համար: Վագրը միշտ եղած է քաջութեան ու նաեւ խորամանկութեան խորհրդանիշ:
Մարդուն համար առիւծէն աւելի վագրը շատ վտանգաւոր կենդանի մըն է, իր բացարձակ համարձակութեան  եւ անկախ վիճակին համար: Հին ազգերը անոր մօտ  նշմարած են ղեկավարի, արիութեան եւ կռուազանութեան յատկութիւնները:
Ժխտական իր յատկանիշներուն կողքին, անոր տարին յատկանշուած է իբրեւ լաւատեսութեան, ջերմութեան եւ պարզութեան տարի:
Հետեւեալ տարիները վագրի տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.-
1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022-2034
Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը իրենց կեանքի տեւողութեան կրնան հանդիպիլ շատ մը անակնկալ վերիվայրումներու: Սակայն միշտ կը գնահատուին իրենց արիութեան եւ յատկապէս արտաքին տեսքին համար: Ֆիզիքապէս առոյգ ըլլալով հանդերձ, զգայուն կ’ըլլան եւ միշտ իրենց ընտանիքին համար կը ցանկան ամէնէն բարին եւ կատարեալը:
Անոնք իրենց կեանքին ընթացքին, ընդհանրապէս կ’ըլլան ղեկավարներ, գաղտնապահ անձեր, անշահախնդիր եւ ուրիշներուն շահերը պաշտպանողներ: Յոռետեսութեան կողքին, անոնք հաւատարիմ ընկերակիցներ ալ են, հեռատես եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ լեցուն, ուստի վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շրջապատին՝ իրենց խելացի ու խորաթափանց մտայղացումներով:
Ընդհանրապէս վագրի տարուան մէջ ծնող մարդիկ բազմազաւակ կ’ըլլան, իսկ կիները՝ բաւական նախանձոտ, պատուախնդիր եւ հետեւողական: Այրերը՝ ընտանիքի լաւ հայրեր, հաւատարիմ ամուսիններ եւ հոգատար զաւակներ կ’ըլլան:
Իրենց նախասիրած գոյնն է բաց կանաչը, իսկ զարդը՝ ադամանդը:
 Վագրի տարուան նշանաւոր ծնունդներ
Վագրի տարին ծնող մարդիկ ընդհանրապէս կ’ըլլան դերասան, կատակերգու, գրող, երաժիշտ, օդանաւորդ, մեքենավար եւ յատկապէս մրցումի ինքնաշարժներ վարող:
Օրինակ.-
Ակաթա Քրիստի, Տէմի Մօր, Ճիւտի Ֆոսթըր, Մարլէն Մոնրօ, Էլիզապէթ Բ. Թագուհի, Թօմ Քըրուզ, Ռօզի Օտանըլ:
Դրական կէտեր
Լաւատես, հինը մոռցող, իր ծրագիրներու գործադրութեան միշտ հետամուտ, բարեկամ, բարեացակամ, գրաւիչ, խելացի միշտ յաջողութիւն եւ նպատակ որոնող, քաջ , արի եւ աշխոյժ, ռոմանթիկ, առաջնորդ եւ անկախութիւնը սիրող, ինքնավստահութիւն ներշնչող եւ իրենց սխալներէն օգտուող: Անոնք շուտով յաջողութեան կը հասնին:
Ժխտական կէտեր
Կարելի չէ բացարձակ վստահութիւն ունենալ անոնց վրայ, վտանգաւոր են եւ անվստահելի, որովհետեւ միշտ կ’ուզեն օրէնքը խախտել եւ փոխել: Միշտ կ’ուզեն ստանձնել առաջնորդի եւ ղեկավարի դերը: Ասկէ մեկնած մեծ հարցեր կը ստեղծուին իրենց կեանքին մէջ: Միշտ կ’ուզեն յարգուիլ: Ջղային են եւ բախտին հաւատացող: Խիստ ոխակալ են: Յաճախ՝ սխալ որոշումներ առնող: Անվստահելի, վայրկեան մը կը ժպտին, յաջորդին՝ կու լան: Իրենց արհեստը շուտ կը փոխեն:
Համադրեց եւ պատրաստեց՝ Գէորգ Պետիկեան