25 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշէնքոյի հետ հեռախսազրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Այդ տեղեկութիւնը տարածած է Պելառուսի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: «Իլհամ Ալիեւ պելառուս գործընկերոջը պատմած է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ այդ տարածքներու վերականգնումի ընթացքին մասին: Բացի այդ, երկու նախագահները քննարկած են պելառուսա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր եւ համաձայնած են քննարկումը շարունակել 28 Դեկտեմբերին Սանկ Փեթերսպուրկի մէջ գումարուելիք ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին», ըսուած է Լուքաշէնքոյի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: