«ԱԼԻՔ»– Երիտասարդական աւիւնով յառաջ սլացող 131-ամեայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամեակը նշուեցաւ 25 Դեկտեմբերին, երեկոյեան Հ. Ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ։ Հայ ժողովուրդի ազգային շահերը պաշտպանելու յորձանութէն վերընձիւղւած Դաշնակցութեան ամեակը նշող հանդիսութիւնը, սկիզբ առաւ ՀՅԴ-ի օրհներգ «Մշակ Բանւոր»-ով, որ կատարուեցաւ սրահի մէջ հոծ թիւի ներկաներով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին Արցախեան պատերազմին նահատակուած հայորդիները, նաեւ յաւերժութեան միացած գաղափարական ընկերներուն յիշատակը: Օրուան յայտագիրը յագեցած էր խօսքերով, բանախօսութեամբ եւ փաստավաւերագրական ֆիլմով, որ կը ներկայացնէր ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդ տեւած՝ ազգապահպանման, ազատագրական պայքարի ու հայրէնաշինութեան գաղափարախօսութեամբ տոգորուած կուսակցութեան կերտումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայաշխարհի մէջ ծաւալած գործունէութիւնը: Օրւան հաղորդավար Արտոյտ Զոհրապեան սկիզբը բեմ հրաւիրեց Իրանի Հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Արամ Շահնազարեանը: Ան իր ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ Հ Յ Դաշնակցութեան հիմնադրումին նպատակներուն ու գաղափարախօսութեան ընդգծելով, որ 1890-ին հայաշխարհի կացութենէն մեկնելով նպատակն էր հիմքը դնել կազմակերպութեան մը, որ ի մի կը բերէ հայ ժողովուրդի մտաւոր ու զինուորական ողջ ներուժը եւ այն մարդոց, որոնք կը հաւատան հայ ժողովուրդի ապագային, ունին յստակ տեսլական, յստակ նպատակ եւ նուիրեալներ են, որոնց համար հայրենիքէն եւ հայ ժողովուրդէն աւելի, վեհ արժէք գոյութիւն չունի: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ն այսօր կազմակերպութենէն վերածուած է քաղաքական կուսակցութեան եւ ընդգծեց‎, որ Դաշնակցութեան ողջ կառոյցը ունի քաղաքական մէկ օրակարգ՝ Հայրենիքը, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդի Դատը: Նախաձեռնութեան հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս «Կամաւորական շարժում» ՀԿ նախագահ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան անդրադառնալով Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ներկայ կարգավիճակին, ընդգծեց. «Այսօր Դաշնակցութեան օրուան նշումը հաշուետուութեան օր է ու թէեւ մենք սովոր ենք անիկա տօն համարել, բայց այսօրուան մեր երկրի եւ ազգի իրավիճակը նկատի ունենալով ի՞նչ տօնի մասին է խօսքը, կորսուած ու կտոր-կտոր դարձած հայրենիք, ոտնահարուած արժանապատուութիւն ու հպարտութիւն, որ տիղմի մէջ թաղուած է, անորոշ ապագայ, ամօթի այս պայմաններուն մէջ չի կրնար տօն ըլլալ»: Ան այսպէս շարունակեց. «Կարելի է շատ զոհեր տալ, կարելի է տարածքներ կորսնցնել, բայց անոնք կրնան կործանիչ չըլլալ, եթէ մենք չենք հաշտուած պարտութեան հետ, եթէ մեր մէջ կը շարունակուի վճռակամութիւնը՝ կորսնցուցածը ետ բերելու, կորսնցուցածին վերատիրանալու: Եթէ կայ այդ վճռակամութիւնը, ոգին ու տրամադրութիւնը, այդ պարտութիւնը ժամանակաւոր կը դառնայ: Պարտութիւնը կրնայ կործանիչ ըլլալ, երբ մեր մէջ կը մեռնի պայքարի ոգին եւ մենք կը հաշտուինք պարտութեան հետ ու հայրենիքի կորուստը կը համարենք անվերադարձ»: Բանախօսը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած յանձնողական այն պայմանագիրին, որուն հետեւանքով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելին, քանզի դադրեցաւ կռուելէ եւ թշնամիին յանձնուեցաւ ուզածը եւ աւելցուց, որ եթէ շարունակուի պարտութեան գործընթացը, կը քանդուի մեր տունը, ուստի անհրաժեշտ է կասեցնել պարտութեան գործընթացը: Բանախօսը յայտնեց, որ խաղաղութիւնը չի կրնար նպատակ ըլլալ, այլ պէտք է հետեւանքը ըլլայ մեր գործուղութիւններուն եւ ընդգծեց, որ հայկական իրականութիւնը վաղուց ի վեր բաժնուած է Վարդան Մամիկոնեաններու եւ Վասակներու եւ եղած է երկու մեծ ճամբար՝ ազգային եւ ոչ-ազգային եւ մեր իրականութեան մէջ գործ ունեցող որեւէ քաղաքական ուժ կամայ թէ ակամայ յայտնուած է այս կամ այն ճամբարի մէջ: Ազգային թեւը փորձած է ազգային հարցերը կարեւորելով, ազգայինով ձգտիլ համամարդկային արժէքներու, իսկ ոչ ազգայինը անտեսած է ազգային հարցերը եւ ձգտած է համամարդկային արժէքներու, որպէսզի, որպէս անհատ եւ խմբաւորում կարենայ լաւ ապրիլ, սարսափելի չէ նմաններու ներկայութիւնը, այլ սարսափելի է, որ նմանները իշխանութիւն կը դառնան եւ անոնք երբ իշխանութիւն կը դառնան վիճակը կ’ըլլայ է այնպէս, ինչպէս այսօր»: Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի կեանքին մէջ ամենակարեւորը հայրենիքն ու Արցախն է եւ ոչ թէ պայքար յանուն իշխանութեան եւ յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ներազգային ճակատում որդեգրեց ամբոխավարութիւնն ու ժողովրդականութիւնը իբրեւ վարքագիծ եւ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու ժուլիկութիւնը, ուստի մեր պայքարը Նիկոլին դէմ ինքնանպատակ չէ: Իր ելոյթի այլ բաժինով օրուան բանախօսը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստան, Իրան, Ռուսիա փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու անհրաժեշտութեան ընդգծելով, որ յանձինս Ատրպէյճանի, Իրանի սահմաններուն մօտ Իսրայէլի ներկայութիւնը մեծ վտանգ ու սպառնալիք է Իրանին համար: Ան վերջաւորութեան այսպէս եզրակացուց. «Ամէն բան շատ վատ է, բայց մենք իրաւունք չունինք ընկճուելու, համակերպուելու ստեղծուած իրավիճակին հետ: Համեմատաբար իբրեւ կազմակերպուած ուժ, մնացած ենք մենք՝ Դաշնակցութիւնը, ժողովուրդը մեզմէ մեծ ակնկալիքներ ունի, մենք պարտաւոր ենք վերակազմակերպել Արցախի ազատագրական շարժումը, պարտաւոր ենք համընդհանուր կռիւով դուրս գալ թշնամիին դէմ, քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական, հայդուկային պայքարի բոլոր բնագաւառներու մէջ եւ աշխարհով մէկ ամէնուր բոլորս պէտք է մասնակցինք այդ պայքարին: Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ հանգիստ պիտի չունենայ, պիտի չի վայելէ մեր Շուշին ու Հադրութը: Մեր պայքարը նոր պիտի սկսի: Աշխարհը պէտք է հասկնայ, որ հայ ժողովուրդը դէմ է յանձնողականութեան, դէմ է իր տարածքներու բռնազաւթումին: Ոչինչ վերջացած է, այլ միայն սկիզբ առած է»: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է չեղեալ յայտարարել 9 Նոյեմբերի յանձնողականութիւնը եւ ազգային նոր Զարթօնք հարկաւոր է: Բանախօսի ելոյթէն յետոյ, որ բուռն ծափողջոյններով զուգորդուած էր եզրափակիչ խօսքին համար հրաւիրուեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգսեան: Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ՀՅԴ-ի 131-ամեակին նշեց. «Այսօր Ծննդեան եւ յիշատակի ոգեկոչում է: Այդ օրերու պայմաններուն մէջ ծնունդ առաւ մանուկ մը, որուն հիմնական նպատակը իր ժողովուրդը փրկելն էր եւ փրկելու համար իր վրայ վերցուց այդ առաքելութեան ծանր բեռը: Անցնող 131 տարիներու ընթացքին ՀՅԴ-ն իր գերագոյն ճիգով, իր զաւակներու ընտրելագոյն երամը ընծայաբերեց մեր ժողովուրդի ազատագրական բագինին վրայ եւ այսօր անհրաժեշտ է յարգանքի տուրք՝ այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն հայրենիքին»: Թեմակալ առաջնորդը իր ելոյթի ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ. «Որեւէ ժամանակ ոչ մէկը չի կրնար մեր սիրտէն հանել Ցեղասպանութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը, ո՛չ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ո՛չ Փաշինեան, եւ ո՛չ ալ իրենց յաջորդները, ո՛չ օսմանցին, ո՛չ ատրպէյչանցին: Ան մեր արեան կանչն է թուրքը ցեղասպան է եւ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ տակաւին չէ ճանչցալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դաւաճան է ան, որ կը մոռնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի հաշիւ զանազան ծրագիրներու։ Մեր նահատակներուն արեան կանչը մեզի կը թելադրէ ամենայն լրջութեամբ եւ գիտակցութեան ամբողջական պատասխանատուութեամբ մեր կեանքը ապրինք, որպէսզի անցնինք այս փորձանքէն եւս»: Յատկանշական է, որ գեղարուեստական յայտագիրով յեղափոխական երգերու կատարումով եւ ասմունքով հանդէս եկան Վանայ Շիրուանեան, Վանէ Մակարեան եւ Լոռետա Ղեւոնդեան: Նախաձեռնութեան ներկայ էին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ճրտ. Վիգէն Բաղումեան, Իսլ. խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային-կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ՝ Թովմաս Թովմասեան, ԻԻՀ-ի Էսթոնիոյ պատուոյ հիւպատոս Արմէն Մութաֆեան, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: