“Երկիր”._Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հրապարակած՝ 2021_ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական արդիւնքներուն համաձայն, Ռուսիա աշխուժօրէն նպաստած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ներառեալ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծման, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակման Հարաւային Կովկասի մէջ։ Յիշուած է, 10 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի բացման հանդիպումը՝ «3 + 3» ձեւաչափով (անդրկովկասեան երեք պետութիւններ՝ Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, ինչպէս նաեւ երեք դրացի երկիրներ՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան)` առայժմ առանց Վրաստանի մասնակցութեան: