Համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել անցնող տարուան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթին եզրափակիչ թիւը։ Սոյն թիւին Առաջնորդողը ինչպէս եւ միւս քաղաքական նիւթերը անդրադարձն են Հայաստանին ու Արցախին շուրջ տեղի ունեցող տագնապալի իրադարձութիւններուն եւ յատկապէս, Հայաստանի իշխանութիւններուն բացասական դերակատարութեան։ «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան փորձած է բացայայտել յետպատերազմեան շրջանին թուրք-ատրպէյճանական հետապնդած նպատակները եւ անցնող տարուան ընթացքին այդ ծրագիրներուն մէջ ի յայտ եկած նոր տարրերը։ Ուսումնասիրական բնոյթի հետաքրքրական յօդուած ներկայացուցած է ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի, ուսանող Գագիկ Եկմալեան։ Այս յօդուածին բնոյթին մասին պատկերացում հաղորդած է խորագիրը․ «Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերը փանթուրանական ծրագիրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ»։ Երիտասարդ հեղինակը մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ թէ Սիւնիքի արժէքին հայութեան համար, եւ թէ ինչպէս ընկալած է թրքական տարրը՝ փանթուրանական եւ փանթրքական հաւակնոտ երազանքներու իրականացման համար։ Պատմաբան Անի Մելքոնեան կ’անդրադառնայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու արիւնալի պատմութեան, որ մշտապէս պայմանաւորուած է Հայաստանի պատմական տարածքներուն նկատմամբ նախկին քոչուորներու մշտական հաւակնութիւններով եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ Ռուսական կայսրութեան տարբեր իշխանութիւններուն խաղցած կործանարար հակահայ դերին։ Դեկտեմբերը հայութիւնը մշտապէս կը յիշէ որպես Առաջին հանրապետութեան անկումի ամիս, յատկապէս կը յիշուին, որ Դեկտեմբեր 1920_ին տեղի ունեցած են Ալեքսանդրապոլի բանակցութիւնները։ Այս բանակցութիւններու ընթացքին, անոնցմէ ծնած Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրին՝ իրաւական եւ քաղաքական արժէքին կ’անդրադառնայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արարատ Յակոբեան։ Պատմական ժամանակաշրջանին վրայ կարկինը լայն բանալով այս շրջանի մասնագէտ պատմաբանը կ’անդրադառնայ նաեւ 1921_ին կնքուած Մոսկուայի եւ Կարսի հակահայ պայմանագիրներուն։ Մարիամ Յովսէփեան շարունակելով թրքական նիւթը անցեալ դարու առաջին քառորդին Պոլիսի մէջ լոյս տեսնող «Ճակատամարտ» եւ «Ժամանակ» թերթերու 1919 եւ 1920 թուականներու հրապարակումներուն միջոցով կը բացայայտէ տուեալ ժամանակաշրջանին ծաւալող «Միլլի» շարժումին, որ գլխաւորելով Մուսթաֆա Քեմալը կրցաւ հասնիլ իշխանութեան եւ ճակատագրական դեր խաղալ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։ Աւելցնենք, որ «Դրօշակ»ի ներկայացուող թիւը շատ աւելի բազմազան է՝ ընթերցողը ուշագրաւ հրապարակումներ կրնայ գտնել նաեւ «Դաշնակցական Բեմ», «Հայ Դատ» «Ընկերական Զրոյցներ» խորագիրներու տակ։