Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու պատուիրակութիւնը 26 Դեկտեմբեր 2021-ին ներկայ գտնուեցաւ, Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երիտասարդական կազմակերպութեան երրորդ համաժողովին: Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներէն՝ Տիգրան Չանտոյեան եւ Գէորգ Ղազլեան: Համաժողովին ՀՅԴ Երիտասարդականին խօսքը փոխանցուեցաւ քրտերէնով։ Ողջունելէ ետք մասնակիցները, ՀՅԴ պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ ապակայունացնող եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը, ան նաեւ նշեց՝ «Թուրքիան իր անթաքոյց յարձակողականութեամբ եւ անկէ բխող գործունէութեամբ կը շարունակէ ապակայունացնել տարածաշրջանային խաղաղութեան գործընթացները, եւ ասոր վառ ապացոյցը մենք տեսանք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին»: Եզրափակելով իր խօսքը ընկերը յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնեց, որ հետագային աւելի սերտ գործակցութիւն ստեղծուի տարածաշրջանի առանձնայատուկ համընդհանուր խնդիրներու կարգաւորման շուրջ, յանուն ազգային իրաւունքներուն, իրական ժողովրդավարութեան արմատաւորման եւ համամարդկային արժէքներու: Նշենք նաեւ թէ բացումի նիստին, խօսք առին ԺԺԿ-ի համանախագահ Միտհաթ Սանչար եւ Ժողովրդավար Շրջաններու Կուսակցութեան համանախագահ (DBP) Սալիհա Այտեմիզ: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ժողովին մասնակից երիտասարդական կազմակերպութիւններու և քաղաքական անձնաւորութիւներու հետ, որոնցմէ թրքական խորհրդարանի Մարտին քաղաքի պատգամաւոր Էպրու Կիւնէյ: Յ.Գ. _Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան հիմնադրուած է 2008_ին եւ դիտորդի կարգավիճակով կ’անդամակցի Ընկերվար-Միջազգայնականին (Socialist-Internatioanal)։