Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք՝ կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան։ Ներկայ էին՝ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Շրջ. Վրչ. Ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան- Յովհաննէսեան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երէցկին Ալին Կիրակոսեան- Պէրպէրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ անդրադարձով մը լուսարձակի տակ առաւ մասնաճիւղի միամեայ գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրն ու աշխատանքը, ապա բարեբեր տարի մաղթեց բոլորին։ Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան Արեգ Պետրոսեան եւ Բարտի Շիրիքճեան՝ ասմունքելով Ամանորի նուիրուած բանաստուղծութիւններու համադրում մը։ Շարք մը խանդավառ երգեր թիւթիչ ձայնով մեկնաբանեց Զարուկ Կարապետեան՝ ոգեւորելով ներկաները։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ներկաները տարեմուտին առիթով, մաղթելով, որ համայնքը յառաջիկայ տարին դիմաւորէ շրջանցելով անցնող տարուան նեղութիւններն ու ձախողութիւնները։ Ապա Աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած, որ հայ ազգին տայ յաղթութիւն եւ միութիւն՝ միասնակամ ուժով պայքարելու ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար հատուցման, ինչպէս նաեւ Սուրիական Հայրենիքին բարքաւաճում, իսկ անոր վսեմաշուք նախագահին յարատեւ վերելք։ Վարչութիւնն ու խմբապետական յանձնախումբը փոքրիկներուն յատուկ յայտագիր մը պատրաստած էին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նուէրներու բաշխում։ Ապա խրախճանքը շարունակուեցաւ խնդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն