Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պարբերաբար նախանշած է այն մարտահրաւէները, որոնք կապուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ՝ յատկապէս Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն մասնակցութեամբ։ Անհրաժեշտ կը համարենք արձանագրել, որ պաշտօնական Անգարան ոչ միայն չէ հրաժարած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իր յայտնի երեք նախապայմաններէն (Հայաստանի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին սատարելէ հրաժարում, Արցախի ենթակայութիւն Ատրպէյճանին եւ Հայաստան-Թուրքիա առկայ միջպետական փաստացի սահմանի իրաւական ամրագրում), այլեւ աւելցուցած է չորրորդը՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» տրամադրում։ Աւելին, Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը Ատրպէյճանին հետ համադրելու մասին, կը փաստեն, որ խօսքը ոչ թէ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական բանակցութիւններու մասին է, այլ՝ թշնամական հովանաւորի կողմէն Հայաստանին հարկադրուող նոր անձնատուութեան։ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման այս գործընթացը ի սկզբանէ անառողջ եւ խիստ վտանգաւոր է։ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած միջազգային քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակի մէջ կը կատարուի, երբ երկիրը պարտութեան տարած օրուան իշխանութիւնը առարկայական պատճառներով զուրկ է հայութեան կենսական շահերը արդիւնաւէտօրէն պաշտպանելու կարողականութենէն։ Ակնհայտ է, որ ներկայ պայմաններու մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յղի է աշխարհաքաղաքական, անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային բազմաթիւ մարտահրաւէրներով եւ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ անշրջելի վտանգաւոր հետեւանքներու ու ինքնիշխանութեան կորուստի։ Առկայ մտահոգութիւնները աւելի կը խորանան ՀՀ իշխանութիւններուն անպատասխանատու քաղաքական վարքի եւ հաշուետուողականութեան ի սպառ բացակայութեան պայմաններու մէջ։ Հայաստանի կողմէն յատուկ բանագնացի ընտրութիւնը կը յուշէ, որ հայկական կողմը ըստ էութեան մասնակցած է արդէն իսկ կանխորոշուած գործընթացի մը, որուն կարելի եղածին չափ հայանպաստ վերջնարդիւնքի ապահովումին համար մասնագէտ դիւանագէտի ընտրութեան կարիք չի զգացուիր։ Այս պայմաններուն բերումով ՀՅԴ Բիւրօն ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջէ․ 1. Անմիջապէս քօղազերծել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ուղենիշները. 2. Անուանապէս եւ ամբողջութեամբ մերժել թրքական նախապայմանները. 3. Քաղաքական շեշտադրում ընել առ այն, որ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապակցութիւն չի կրնար ունենալ որեւէ երրորդ կողմի հետ։ Հարկ կը համարենք յատկապէս ընդգծել, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին անառարկելիօրէն պէտք է նկատի առնուի ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի՝ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու սահմանադրա-կանութեան հարցին մասին 12 Յունուարի 2010-ի որոշումը. ՀՀ-ի բոլոր քայլերը պէտք է ներդաշնակ ըլլան սոյն որոշումով ներկայացուած իրաւական դիրքորոշումներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած սահմանադրական կարգի հիմնարար սկզբունքներուն: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն կանխորոշումը ոչ մէկ իշխանութեան մենաշնորհը չէ։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ միայն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի համախոհութեամբ, առանց թրքական նախապայմաններու եւ մեր սերունդներու իրաւունքներու ոտնահարման։ Հետեւաբար պէտք է պատրաստ ըլլալ համահայկական ընդվզումի, եթէ ՀՀ իշխանութիւնները փորձ ընեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման ներկայ դիրքորոշումով զարգացնել հայ-թրքական՝ թշնամիին կողմէն պարտադրուած օրակարգը։ Կարելի չէ չանդրադառնալ նաեւ արցախեան հիմնահարցին մասին ՀՀ վարչապետի պաշտօնը ստանձնողին կողմէն պարբերաբար հնչող եւ վերջերս աւելի ինքնախոստովանուող խիստ վտանգաւոր, իրականութիւնը խեղաթիւրող եւ հայկական շահերը ոտնահարող դիրքորոշումները, որ կասկածի տակ կը դնէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային ճանաչումի հասնելու ղեկավար իրաւունքը։ Կը վերահաստատենք, որ ՀՀ գործող իշխանութիւններուն կողմէն գրաւոր եւ բանաւոր որեւէ համաձայնութիւն, որ կը խախտէ Արցախի Հանրապետութեան մասին իրաւական հիմնարար ձեւաչափերը եւ կամ հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիայէն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հատուցումներու պահանջներուն իրաւականութիւնը՝ ի սկզբանէ առ ոչինչ է։ ՀՅԴ Բիւրօ 27 Դեկտեմբեր 2021