Երեւան, «Երկիր»- Լոս Անճելոսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ կաթողիկէներու նշած Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով գրառում մը կատարած է Twitter-ի վրայ։ Ան պնդած է, որ Ատրպէյճան ունի «հին քրիստոնէական ժառանգութիւն», իսկ որպէս իր խօսքին ապացոյց՝ օգտագործած է Արցախի հին հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու լուսանկարներ։ «Այս Սուրբ Ծննդեան օրը եկէք նայինք հին ատրպէյճանական քրիստոնէական ժառանգութեան այս գեղեցիկ պատկերներուն: Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճան մուտք գործած է առաջին դարուն՝ պետական կրօնք դառնալով 313 թուականին։ Այսօր հարիւրհազարաւոր քրիստոնեաներ կ’ապրին խաղաղ եւ ազատօրէն կը կիրարկեն իրենց կրօնքը Ատրպէյճանի մէջ», գրած է Աղայեւ։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) ուշադրութիւն դարձուցած է Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի գրառումին։ «Ատրպէյճանի «Սուրբ ծննդեան բացիկը», այս կեղծ թուիթը կը պնդէ, որ գոյութիւն ունին «ատրպէյճանական քրիստոնէական եկեղեցիներ», եւ Ատրպէյճան քրիստոնէական պետութիւն դարձած է 313 թուականին։ Եկէք պայքարինք ապատեղեկատուութեան դէմ», գրած է ANCA-ն Facebook-ի իր էջին վրայ։ Իրականութեան մէջ Նասիմի Աղայեւի հրապարակածը 9-րդ դարու հայկական Դադիվանքի (Քարվաճառի, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած) վանական համալիրի լուսանկարներն են, ինչպէս նաեւ՝ 10-րդ դարու հայկական Գանձասարի վանական համալիրը (Մարտակերտի շրջան) եւ Քաշաթաղի շրջանի հին միջնադարեան Ծիծեռնավանքը (44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ):