Գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան բաժնեկցած է Ռուսիոյ պատանեկան առաջնութեան ազատ սահադաշտէն ստացած տպաւորութիւնները: Հայուհի մարզուհին յայտնած է, որ իր ելոյթներով փորձած է ուրախացնել հայ ժողովուրդը. «Իմ ծրագիրին երաժշտութիւնը գրած է հայ երգահան Արա Գէորգեան, ես նոյնպէս հայ եմ հօրս կողմէն։ Վերջերս Հայաստան պարտուեցաւ Ատրպէյճանին դէմ տեղի ունեցած պատերազմին եւ զիջեցաւ Արցախը։ Ինծի համար շատ կարեւոր է, երբ ես կը սահիմ եւ կ’ուրախացնեմ իմ Հայ ժողովուրդս, որուն արիւնը կը հոսի իմ երակներուս մէջ, եւ կ’երազեմ , որ Արցախը վերադաձուի Հայաստանին։ Ցաւօք, ես Արցախի մէջ չեմ գտնուած , բայց կ’ուզեմ յաղթել սառոյցի վրայ եւ նուիրեմ յաղթանակս իմ երկրին։ Բացի անկէ, վերջերս կեանքէն հեռացաւ հայկական ծագում ունեցող տատիկս, երբ ես կ’աշխատէի այս ծրագիրին վրայ: Եւ այս մէկը եւս կարեւոր է ինծի համար: Կը փափաքիմ, որ բոլորը տեսնեն, թէ այս ծրագիրը որքան լաւ բեմադրած է Դանիէլ Մարքովիչ Կլեյխենքաուզը, որ շատ ուրախութիւն պատճառեց ինծի», «Սբորթ-Էքսփրէս»-ին պատասխանած է Ատելիա Պետրոսեան։