ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հին տարին մեր ետին կը մնայ, շուտով մեր առջեւ կը բացուի նոր տարին, որ բոլորիս համար նոր սկիզբ մըն է, լեցուն՝ ակնկալիքներով, նոր յոյսերով եւ սպասումներով:

Նոր տարուան սեմին մեր մտապատկերին առջեւ Մարիամ Աստուածածինի օրինակը ունենալով, կը յիշենք, թէ Աստուածամայրը ինչպիսի՛ անվերապահ հաւատք ունէր Տիրոջ նկատմամբ: Ան Աստուծոյ սիրով ապրեցաւ, Աստուծոյ ապաւինեցաւ եւ արժանի դարձաւ տեսնելու Տիրոջ փառքը: Հետեւաբար, երբ նոր ակնկալիքներով կը բացուինք նոր տարուան, մենք եւս Աստուածամօր նման պէտք է մեր երազներու եւ փափաքներու իրականացման ձգտինք ապաւինելով Աստուծոյ, որպէսզի Մարիամի նման տեսնենք Աստուծոյ փառքը եւ վայելենք Անոր սէրն ու բարիքները:

2021 տարին մարտահրաւէրներով լեցուն տարի մը եղաւ: Մարիամի կեանքը եւս լեցուն էր դժուարութիւններով: Ան հաւատքով պայքարեցաւ եւ յաղթանակեց: Մարիամ այսօր ուղեցոյց եւ մայրութեան խորհրդանիշ է մեզի համար: Մեր մայրերը, որպէս ընտանիքի սիւները, այսօր կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եւ կը պայքարին պահպանելու իրենց զաւակները քրիստոնէական-հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ: Մարիամ մեզի ցոյց կու տայ այն ճանապարհը, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ փառք, աստուածտեսութիւն, բարեպաշտութիւն, համբերութիւն եւ յաղթանակ:

Մարիամ հաւատքի եւ յոյսի աչքերով ճանչցաւ Տէրը, ապրեցաւ Տիրոջ խաղաղութեամբ եւ վայելեց Անոր ներկայութիւնը: Այս օրերուն, բոլորս խաղաղութեան յոյսով կ’ապրինք եւ կ’աղօթենք, որ Տէրը մեզի ներքին խաղաղութիւն պարգեւէ, որ տարբեր է այս աշխարհի խաղաղութենէն:

Նոր Տարին պարգեւներ ստանալու գեղեցիկ առիթ մըն է, սակայն անհրաժեշտ է հետեւիլ Մարիամի օրինակին եւ երկրաւոր մեր կեանքին մէջ փնտռել մանաւանդ աստուածային եւ հոգեւոր պարգեւները եւ Աստուծոյ շնորհքներով լեցուիլ: Մարիամ եղաւ այն տիպարը, որ մերժեց նիւթական կեանքը, խորացաւ Աստուծոյ սիրոյն մէջ, ընդառաջեց Անոր հրաւէրին եւ ստացաւ բազմաթիւ շնորհքներ եւ պարգեւներ: Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած մեծագոյն պարգեւը Քրիստոսի բերած մարդկութեան փրկութիւնն ու խաղաղութիւնն են: Մեր մաղթանքն է, որ խաղաղութիւն հաստատուի աշխարհի մէջ, բարութիւն եւ համերաշխութիւն՝ մեր ընտանիքներուն մէջ:

Սիրելի՛ հարազատներ,

Նոր տարին յանձնառութեան, քաջութեան եւ վերանորոգութեան գեղեցիկ առիթ մըն է, որ Աստուած կու տայ մեզմէ իւրաքանչիւրին: Նոր տարուան հետ մեր առջեւ կը բացուի խոկումի, ինքնագիտակցութեան եւ հաշուետուութեան առիթ մը, որ կը տրուի մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի մեր կեանքերը, գործերը եւ ծրագիրները դնենք կշիռքի վրայ եւ այս մտածումներով նորոգուինք:

Հետեւաբար, մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ օրհնութիւններով, իրագործումներով եւ ուրախութիւններով լեցուն տարի մը: Թող որ ուրախութիւնը եւ ցնծութիւնը անպակաս ըլլան մեր ընտանիքներէն ներս: Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ կը խօսի յոյսի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան մասին: Թող որ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու վստահութիւնը աւելնան մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ մեր կեանքը յորդի յոյսով: (Հռ 15.13)

Հայ ազգը յոյսով լեցուն ազգ է, որովհետեւ կը կրէ Քրիստոսի հաւատքը: Յոյսը արմատացած է մեր մէջ, հակառակ սեւ ամպերուն եւ բոլոր դժուարութիւններուն: Ուստի յոյսն է, որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստ: Կը հաւատանք Աստուծոյ, որովհետեւ ինքն է յոյսի աղբիւրը եւ մարդկութեան յոյսը:

Յետ Սուրիոյ պատերազմին, բոլոր անոնք որոնք մնացին սուրիական հայրենիքէն ներս՝ հերոսներ դարձան: Որպէս սուրիահայեր, նոր սկիզբով դարձեալ պիտի կազմակերպենք մեր համայնքային կեանքը, մեր ազգային մարմիններուն եւ միութիւններուն հետ միատեղ: Այսօր կը գործենք ոգեւորութեամբ, համբերութեամբ եւ տոկունութեամբ: Յոյսը առաւել եւս կ’աճի մեր համայնքի կեանքէն ներս եւ նոր տարին կը դիմաւորենք միութեան եւ սիրոյ ոգիով գօտեպնդուած:

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան օրը, երբ մոգերը իմաստութեամբ լեցուն արեւելքէն եկան Երուսաղէմ, հարց տուին ըսելով, թէ ո’ւր պիտի ծնի Թագաւորը, դիմելով սխալ անձի՝ Հերովդէսի: Մենք եւս մեր հիմնախնդիրներու պարագային, անհրաժեշտ է, որ դիմենք վաւերական աղբիւրին: Ներկայիս կ’ապրինք առողջապահական վտանգի առջեւ, պսակաձեւ ժահրը կը վտանգէ մեր առողջութիւնը, բնականաբար մենք եւս կը դիմենք բժիշկներու եւ գիտնականներու: Հետեւաբար մեր դժուարութիւններուն մէջ անհրաժեշտ է դիմել յոյսի եւ կեանքի աղբիւրին՝ Աստուծոյ: Համաճարակի տարածման օրերուն շատեր հարց տուին ըսելով, որ ո՞ւր է Աստուած: Պատասխանը կը գտնենք Աւետարանին մէջ՝ «Էմմանուէլ» կոչումով, որ կը նշանակէ Աստուած մեզի հետ: Հետեւաբար, Աստուած մեզի հետ է Քրիստոսով, մեզ կը պաշտպանէ եւ կ’առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան, բժշկութեան եւ առողջութեան նաւահանգիստ: Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, երբ կ’ըսենք Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, կը նշանակէ որ Քրիստոս մեր մէջ կը բնակի եւ ներկայ է մեր կեանքէն ներս:

Նոր տարուան սեմին կը յիշենք Արցախի մեր նահատակները, հալէպահայ երեք հերոսները, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքի ազատութեան համար: Հերոսներ են հայ հոգեւորականները, ազգային գործիչները, կրթական մշակները, մայրերն ու հայրերը, որոնք երկրաւոր կեանքին մէջ կը պայքարին՝ մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները պահպանելու համար:

Հայրական օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք մեր ժողովուրդի զաւակները, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ: Այս առիթով մեր գնահատանքը եւ շնորհաւորանքը կ’ուղղենք «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրակազմին, մաղթելով, որ առանց ընկրկումի շարունակեն հայ գիրի եւ մամուլի ճամբով թարգման հանդիսանալ սուրիահայութեան ծաղկուն կեանքին:

Շնորհաւոր Նոր Տարի։

Հալէպ, 24 Դեկտեմբեր 2021