«Երկիր».- 28 Դեկտեմբեր 2021-ին գործադրութեան դրուած է ««Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի ՀՀ ներկայացուցիչին մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու» ՀՀ օրէնքը, որով ընդլայնուած են ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները եւ փոխուած  է ներկայացուցիչին պաշտօնին անուանումը: Այսուհետեւ Միջազգային իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչը օրէնքի ուժով պիտի ապահովէ պետութեան շահերուն ներկայացումը`

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ,

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ,

Միջազգային ատեաններու դիմաց,

Օտարերկրեայ դատարաններու մէջ,

եւ հաշտարարութեան գործընթացներուն: