Քրեմլին հաղորդած է, որ Ռուսիոյ  եւ Թուրքիոյ նախագահները  2 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց  ունեցած են:

Ամանորի առիթով շնորհաւորանքներ փոխանակելէ ետք, Փութին ու  Էրտողան ամփոփած են երկկողմ գործակցութեան հիմնական արդիւնքները` վերահաստատելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ փոխշահաւէտ գործընկերութեան իրենց յանձնառութիւնը:

Անոնք անդրադարձած են նաեւ միջազգային նիւթերու` Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորող իրաւական  համաձայնագիրներու մշակման  առաջարկներուն, Անդրկովկասի մէջ տիրող  իրավիճակին, սուրիական և լիպիական հարցերու կարգաւորման եւ այլն։