“Երկիր”._ԱՄՆ պետքարտուղար Անթոնի Պլինքըն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ զրոյցի ընթացքին արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը քննարկելու համար յատուկ բանագնաց նշանակելու հարցը։ Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական սպառնալիքին առնչուած համակարգումի շարունակականութեան կարեւորութիւնը, երկկողմ գործակցութեան խորացման կարելիութիւնը՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լուծման համար։ Յիշեցնենք, որ 27 Դեկտեմբեր 2021_ին Չաւուշօղլուն յայտարարեց, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Մոսկուայի մէջ, ենթադրաբար՝ Յունուարին։