Կեանքի բնականոն զարգացումին, աշխարհաքաղաքական տարաբնոյթ փոփոխութիւններուն եւ այլազան գաղափարաբանութիւններու բախումին լոյսին ներքեւ, սփիւռքահայութիւնը ինքնաճանաչութեան, իր գոյութեան պահպանումին, կարելիութիւններու եւ դերի վերանայումին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապընդման նոր որակ եւ գործելաձեւ գտնելու հրամայականին առջեւ է։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այս մտահոգութիւններէն մեկնած 2022-ը հռչակած է Սփիւռքի Տարի։
 
Ի՞նչ է Սփիւռքը, մէ՞կ դիմագիծ ունի ան, յանուն գոյատեւման ու զարգացման իր դերն ու ուժը ուղղորդելու ծրագիր ունի՞։ Ի՞նչ է իր դերը։ Սփիւռքը կը մաշի՞, ուծացման վտանգի տա՞կ է, ժամանակաւո՞ր երեւոյթ է։ Ի՞նչ է ան վերջապէս։
Այս հարցումները պէտք է մերթ ընդ մերթ հնչեցնենք, որպէսզի յստակ պատասխանները միասնաբար գտնենք ու վերանայինք Սփիւռքի ներկայ վիճակին՝ իր ամբողջութեան մէջ։
 
Սփիւռքը Հայաստանէն դուրս ապրող այն հաւաքականութիւնն է, որուն մաս կը կազմեն ե՛ւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով իր արմատներէն պոկուած արեւմտահայութիւնը, ե՛ւ Հայաստանէն գաղթած հայերը, ե՛ւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ ապրող հայերը, ե՛ւ պատերազմներու, տնտեսական դժուարութիւններու բերումով գաղութէ-գաղութ տեղափոխուող հայութիւնը։
 
Սփիւռքը, ուրեմն, արեւմտահայերէ եւ արեւելահայերէ բաղկացած հաւաքականութիւն մըն է, որ ձգտելով պահել իր ինքնութիւնը, կը կրէ նաեւ տարբեր մշակոյթներու ազդեցութիւնը։ Այս մէկը բացասական առումով պէտք չէ դիտել։ Ընդհակառակն. Սփիւռքահայութիւնը ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ կարելիութիւնը ունի նախ այդ երկիրներուն մէջ ազդեցիկ քաղաքական եւ տնտեսական ուժ դառնալու, ապա նաեւ օգտուելու այդ երկիրներու տնտեսական, գիտական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային կեանքի ընձեռած կարելիութիւններէն ու այդ ամբողջը փորձառութեան վերածած բերել աւելցնելու հայութեան մեծ ընտանիքին՝ հայ ազգին հարստութեան վրայ։
 
Սփիւռքի գոյութեան պահպանման ու անոր ղեկավարման համար, յետցեղասպանութեան տարիներուն, 1920-30-ականներուն հայկական աւանդական կուսակցութիւնները, յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, մշակած են ծրագիր ու այնպէս ինչպէս պետութիւն մը կ’ունենայ իր կառավարութիւնն ու պետական կառոյցները, Սփիւռքն ալ ունեցած է իր համահայկական մշակութային, կրօնական, մարզական, բարեսիրական հաստատութիւններու, միութիւններու ցանցերը, որոնք ոչ միայն ապահոված են իր տարաբնոյթ հոգեմտաւոր կարիքները ու նպաստած իր գոյատեւման ու զարգացման, այլեւ սփիւռքահայ սերունդներու կազմակերպման ու քաղաքականացման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ։ Այս չի նշանակեր, սակայն, որ անոնց գործելաձեւն ալ վերանայման կարիք չունի՝ համապատասխան դառնալու ե՛ւ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն, ե՛ւ տարբեր աշխարհագրական տարածքներու մէջ ապրող նոր սերունդներու մտածելակերպին, հետաքրքրութիւններուն ու պահանջներուն։
 
Հայկական կազմակերպութիւններն ու հայ եկեղեցին հարկ է որ ստեղծեն նաեւ այնպիսի կառոյցներ, ցանցեր, ուր ներգրաւուին նաեւ քաղաքական, եկեղեցական կամ ազգային կեանքէն ընդհանրապէս հեռու մնացող երիտասարդ տարրերը ու անոնք եւս միանան հայ ազգի ընտանիքի տարածուն ու բազմագոյն այս ցանցին։
 
Վերջին երեսուն տարիներուն սփիւռքահայութեան հայեացքը այնքան յարած էր հայրենիքին, որ Սփիւռքի կարելիութիւններուն մեծ մասը ուղղուած էր այնտեղ եւ սա ձեւով մը ազդած էր Սփիւռքի ներքին հարցերը տեսնելու, ախտաճանաչումներ ընելու եւ լուծումներ որոնելու գործին, այդ մէկը ուղղելով երկրորդ մակարդակի ծրագիրներու ոլորտ։ Նոյնիսկ սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ առաւելաբար կը տեսնենք հայրենիքին առնչուող, պահանջատիրական մեր պայքարին առնչուող նիւթերու, յօդուածներու, զրոյցներու գերակշռումը, տեղական հարցերու, մտահոգութիւններու, համայնքային տագնապներու հաշուոյն երբեմն։ Այս մէկը պատճառ դարձած է, որ Սփիւռքը աստիճանաբար տկարանայ, ազդուելով աշխարհաքաղաքական պայմաններէն, օտար բարքերու եւ սովորոյթներու թափանցումէն, յատկապէս տարբեր երկիրներու տնտեսական եւ ապահովական դժուարութիւններէն։
 
Տկարութիւնը այստեղ պէտք չէ դիտել կազմակերպչական թուլութիւն, այլ՝ Սփիւռքի կարելիութիւններու ծրագրուած ուղղորդման եւ առաւելագոյն արդիւնքներու ձեռքբերման համար մշակուող ու հետապնդուող ծրագիրներու բացակայութիւն, հարցերու յանդուգն արծարծում եւ լուծումներու որոնում։
Այս հարցերը տարբեր եղած են, սակայն, գաղութէ-գաղութ, համայնքէ-համայնք եւ նոյն տարողութիւնը չեն ունեցած բնականաբար։ Կազմակերպ գաղութներու եւ համայնքներու կեանքը աւելի կայուն եւ արդիւնաւէտ եղած է։
 
Ի՞նչ կարելիութիւններ կան ուրեմն, զորս կարելի է լարել, ուղղորդել դրական արդիւնքներու հասնելու համար։
Սփիւռքի գոյութիւնը, նախ, պէտք չէ դիտել որպէս թոյլ մարմնի մը գոյութիւնը, որ դատապարտուած է մաշումի, կամ ժամանակաւոր է։ Ընդհակառակն. Սփիւռքը իր բազմակողմանի առաւելութիւններով մեր ազգային եւ հայրենական կեանքը հարստացնող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ազդեցիկ գործօն է։
 
Հայրենիքը մեր ազգին խարիսխն է, իսկ Սփիւռքը այդ խարիսխէն ուժ առնող, միաժամանակ ազգին կարելիութիւնները բազմապատկող ազդակ։
 
Արեւմուտքի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկաներու, Մոսկուայի ու այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերու ցանցը պատկերացուցէք պահ մը որքան օգտակարութիւն կրնայ ունենալ մեր ազգային կեանքի զարթօնքին, եթէ այդ ցանցը զարգացնելու, ուժեղացնելու եւ իր բոլոր մասնիկներու աշխատանքը համահայկական օգտակարութիւն ունեցող նպատակներու ծառայեցնելու հարուստ ծրագիր մը մշակուի։
 
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդհ. ժողովները բազմիցս քննած են այս հարցերը, լուծումներ առաջարկած։ Յառաջիկայ ընդհ. ժողովի սեմին հարկ է նոր պայմաններու լոյսին տակ քննել Սփիւռքի դերն ու անոր ուժեղացման գործօնները։
Սփիւռքի տկարացման ախտաճանաչումը կատարելու փորձով մը քանի մը երեւոյթներու կարելի է անդրադառնալ։
 
Առաջինը հայախօսութեան, հայկական վարժարաններու նուազեցման, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, հայ մամուլի աշխատակիցներու տագնապն է։ Այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները գոհացուցիչ մակարդակի չեն հասած ու տարիներու ընթացքին առիթ տուած են նահանջի արձանագրութեան։
 
Այսօր նորահաս սերունդը երկրորդական կը համարէ հայերէն խօսիլը, հայկական դպրոց յաճախելը, հայերէն գրելն ու կարդալը, հայ մշակոյթի զարգացման իր նպաստը բերելու ճիգերը։
Եթէ մէկ կողմէ համաշխարհայնացումը, ազգային արժէքներու դէմ պայքարը, ազգերու ուծացման նպաստող պայմաններն են այս երեւոյթին պատճառը, միւս կողմէ մեր անտարբերութիւնն է, ծրագրուած աշխատանքի բացակայութիւնն ու հայ մտաւորականութեան, ուսուցիչին, վարժարանին, մամուլի դերին նկատմամբ նկատելի անտարբերութիւնն է կամ եղածով բաւարարուելու անհեռատեսութիւնն է իրողապէս։
 
Աչք մը նետեցէք յառաջացած երկիրներու ուսումնակրթական, մշակութային համակարգերուն վրայ եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպիսի՛ զարգացող համակարգեր գոյութիւն ունին, որոնց մէջ ազգային լեզուն, գրականութիւնն ու մշակոյթը ոչ թէ միայն կը համարուին ազգը պահպանելու ազդակներ, այլեւ ժողովուրդներու գործակցութեան գործօններ, աւելին. անոնց վրայ ազդելու, մշակոյթով անոնց կեանք ներթափանցելու, մշակոյթով տիրելու միջոցներ։ Անոնց արդիականացող վարժարանները, համալսարանները, գրադարանները կը վկայեն զարգացման իրենց հեռանկարներուն մասին։ Այս բոլորը ազգի մը, պետութեան մը զարգացման ցուցանիշներէն կը համարուին։ Սփիւռքի պարագային, նման ծրագիրները նաեւ ազգը զարգացնող ու միացնող գործօններ կը համարուին։
 
Երկրորդը՝ Սփիւռքի քաղաքական ուժը աւելի ազդեցիկ դարձնելու հրամայականն է։ Հարիւրամեակ մը շարունակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր Հայ Դատի գրասենեակներով եւ տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած քաղաքական գործիչներով կարեւորութիւն ընծայած է Սփիւռքը քաղաքական ուժ դարձնելու հանգամանքին, թէ՛ համահայկական հարցերու գծով քաղաքական տարբեր մակարդակներու զօրակցութիւնը ապահովելու, թէ՛ համայնքներու քաղաքական ուժը ծառայեցնելու համայնքային կեանքին ու դերին աշխուժացման եւ թէ քաղաքականացած երիտասարդութիւն պատրաստելու համար։
 
Համաշխարհային ներկայ զարգացումները, սակայն, կը պահանջեն կրկնակի աշխատանք, Սփիւռքի քաղաքական դերակատարութիւնը զարգացնելու եւ համայնքներուն մէջ շեշտը դնելու տուեալ երկիրներու քաղաքական կեանքին մէջ աւելի մեծ մաշտապով ներգրաւուելու, ազդելու եւ նկատառելի ուժ դառնալու հանգամանքին։
 
Հպանցիկ ակնարկ մ’իսկ բաւարար է տեսնելու, թէ այլ ազգերու քաղաքական ազդեցութիւնը ժամանակի ընթացքին ինչպիսի՛ մակարդակներու հասած ու ազդեցիկ դարձած է միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ։
 
Այս մարզին մէջ յառաջ երթալով Սփիւռքը ոչ միայն իր դերակատարութեան արժէքը կը կրկնապատկէ, այլեւ Հայաստանին ու Արցախին կը նպաստէ՝ տարբեր լծակներու օգտագործումով։
 
Որքան դրական պիտի ըլլայ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու, կառավարութեան կազմերու, բանակներու եւ նոյնիսկ անվտանգութեան մարմիններու մէջ տեսնել հայազգի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնն ու դրական ներգործութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը քաղաքական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ եւ այդ ճամբով իրենց ազգին ու հայրենիքին բերելիք նպաստը։
 
Այսօր, բարեբախտաբար, ունինք որոշ տոկոս մը, որ կ’ուժեղացնէ հայկական լոպին աշխարհով մէկ։ Ակնկալելի է, սակայն, անոր զարգացումը ծրագրեալ աշխատանքով։ Հայութիւնը պէտք չէ ապրի իր պատեանին մէջ փակուած, ուր ալ ըլլայ, ինչ պայմաններու մէջ ալ գործէ ան։ Ընդհակառակը. քաղաքական-յարաբերական իր աշխատանքին, գործակցութեան ոգիին ու մասնագիտական որակին կարեւորութիւն ընծայելով, հարկ է որ բացուի քաղաքական տարբեր միջավայրերու եւ ընդգրկուի անոնց մէջ։
Այս իմաստով քաղաքագէտ մարդուժի պատրաստութիւնն ալ իր կարեւոր դերը ունի, որովհետեւ նման շրջանակներու մէջ գործելը կը պահանջէ մասնագիտական որակ ու փորձառութիւն։ Սիրողական աշխատանքները ապարդիւն կը մնան յաճախ։
 
Երրորդը՝ Սփիւռքի տնտեսական ուժին բարելաւումն է։ Սփիւռքի տարբեր համայնքները տնտեսապէս ուժեղանալու ծրագիր պէտք է ունենան եւ չհիմնուին սոսկ համահայկական նուիրատուութիւններու վրայ։ Ժամանակն ու պայմանները փոխուած են, պատերազմներուն եւ համաճարակին հետեւանքով յառաջացած տնտեսական տագնապները առաւել եւս։ Ուստի այնքան կարեւոր է Սփիւռքը վերածել տնտեսական ուժեղ ցանցի մը, նախ իւրաքանչիւր համայնքի տնտեսական կարելիութիւնները բազմապատկելու ծրագիրներ մշակելով, ապա համասփիւռքեան տնտեսական ցանց մը գոյացնելով։ Ցանց մը, որ պիտի չհիմնուի միայն դրամահաւաքի ծրագիրներու վրայ, այլ նաեւ տնտեսական եկամտաբեր գործարքներու վրայ։
 
Այս իմաստով դրական ներգործութիւն կ’ունենան փորձառութիւններու փոխանակումը եւ տնտեսական ծրագիրներու փոխկապակցուածութիւնը։
Ցանկալի պիտի ըլլայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մղել նաեւ, որ տնտեսապէս ուժեղանայ, ներգրաւուի տնտեսական այնպիսի գործարքներու մէջ, որ իր սեփական կեանքը բարւոք դարձնելով մէկտեղ ազգային կեանքին իր նպաստը բերէ ու սատարէ հայութեան տնտեսական ուժի վերածման։
Տնտեսական լծակները, այսօր, նոյնքան ազդեցիկ են, որքան քաղաքական լծակները։ Այս ուղղութեամբ ալ աշխատանքի ձեռնարկելը հետեւաբար, մասնագիտական մօտեցումներով, աստիճանաբար կրնայ ուժեղացնել Սփիւռքի տնտեսական կարելիութիւնները։
Սուրիական պատերազմը ցոյց տուաւ, որ այնպիսի մարդասիրական ծրագիրներէ կարելի է օգտուիլ եթէ յարաբերական կապեր զարգանան, հայ երիտասարդներ ներգրաւուած ըլլան նման ծրագիրներու մշակման ու գործադրման ոլորտներուն մէջ։ Մեր երիտասարդները հարկ է ուղղել նաեւ տնտեսական ուժի վերածուելու աշխատանքի։
 
Հարկ կա՞յ օրինակը բերելու այնպիսի երկիրներու, որոնք իրենց ժողովուրդին աշխատունակ ըլլալուն եւ տնտեսական ծրագիրներուն բերումով այսօր քաղաքական կեանքին մէջ ազդեցիկ ուժ դարձած են, չունենալով անգամ զինուորական ազդեցիկ կարելիութիւններ։
 
Չորրորդը՝ կրթութիւնն է։ Դարը ճարտարագիտութեան եւ գիտական տարբեր ոլորտներու զարգացման դար է։ Այն ազգը, ժողովուրդը, հաւաքականութիւնը, որ քայլ կը պահէ այս զարգացման հետ, կայուն զարգացում կրնայ ունենալ, իսկ անուս, սիրողական մակարդակ ունեցող երիտասարդութեան տէր հաւաքականութիւններ, եթէ նոյնիսկ տնտեսական կարելիութիւններ ունենան, ժամանակի ընթացքին պիտի կորսնցնեն այդ լծակները անգամ, ենթակայ դառնալով գիտական ոլորտի մէջ յառաջացած ազգերու, պետութիւններու եւ ընկերութիւններու լծակներուն։
 
Սփիւռքի մէկ այլ կարեւորութիւնը Հայ Դատի աշխատանքներուն նպաստելու առաւելութիւնն է։ Սփիւռքը պետութեան կաշկանդումները չունի եւ աւելի ազատ կրնայ գործել Հայ Դատի հետապնդման դաշտին մէջ, սակայն, հարկ է այս ոլորտին մէջ եւս ունենալ մասնագիտական մօտեցում եւ պատրաստել մասնագիտական մարդուժ՝ ներկայ ըլլալու ե՛ւ քաղաքական բեմերու, ե՛ւ զանգուածային լրատուամիջոցներու, ե՛ւ պատմագիտական շրջանակներու մէջ եւ առաջքը առնելու ատրպէյճանաթրքական շարունակուող ու զարգացող ապատեղեկատուական արշաւին։
 
Այս բոլորի աւարտին անդրադարձ մը կատարենք նաեւ Սփիւռք-Սփիւռք գործակցութեան, փորձառութիւններու փոխանակման կարեւորութեան, որ բաւական նուազած է վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին։ Այսօր գաղութները, համայնքները տեղեակ անգամ չեն յաճախ իրարու առաւելութիւններէն, կամ իւրաքանչիւրին կարելիութիւններէն։ Մինչ այդ որքան դրական պիտի ըլլար սփիւռքահայ համայնքներու, գաղութներու գործակցութիւնը, մարդուժի եւ այլ կարելիութիւններու, բայց մանաւանդ փորձառութիւններու փոխանակումը։ Ազգովին կ’ապրինք տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազդեցութեան ներքոյ։ Այս գունաւորումը կրնանք ծառայեցնել մեր ազգի զարթօնքին եթէ ունենանք ծրագիր, մերթ ընդ մերթ ի մի բերելու, ծանօթացնելու, փոխազդեցութեան գործօնները սերտելու գաղութներուն միջեւ։ Մոսկուայի մէջ ունինք մեծ թիւով, տնտեսապէս ուժեղ հայ համայնք, միւս կողմէ արեւմտեան երկիրներուն մէջ ունինք քաղաքական-յարաբերական փորձառութիւն, Միջին Արեւելքի մէջ ազգապահպանման մեծ աւանդ։ Այս կարելիութիւնները փոխանակման եզրեր ունին անկասկած, սակայն երեւելի չեն նման ծրագիրներ, որոնք ունենան հեռահաս թիրախ ու փոխադարձ ներգործութիւն։
 
Սփիւռքը բազմակողմանի ուժ է, հարկ է նախ նորովի ուսումնասիրել անոր կարելիութիւնները եւ ըստայնմ ներկայ ժամանակներուն համապատասխան ծրագիր մշակել ու դժգոհելով չկրկնել Սփիւռքը կը մաշի, կամ Սփիւռքը ժամանակաւոր է յանկերգները։ Սփիւռքը չի մաշիր, եթէ ծրագիր ունենանք զայն ուժեղացնելու, ան ժամանակաւոր ալ չէ, կրնայ պատկերին, բնակչութեան տեղաշարժին հետեւանքով փոփոխութիւններ կրել, սակայն մնայուն երեւոյթ է եւ հայութեան երկու երրորդը կը կազմէ։
 
Ուստի ինքզինք ուժեղացնելու, զարգացնելու եւ հայրենիքին սատար կանգնելու հաւասարակշռուած մօտեցում պէտք է պահպանէ հայկական Սփիւռքը։
Զարմիկ Պօղիկեան