Փող կը նշանակէ խողովակ, նեղ անցք։ Յիշենք «Վահագնի ծնունդ»ի նշանաւոր տողերը. «Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր/ընդ եղեգան փող բոց ելանէր», ու ահա այդ բոցին ընդմէջէն Վահագնը պիտի ծնէր որպէս ռազմի, քաջութեան, յաղթանակի եւ ամպրոպի աստուած, որ ծնելուն պէս պիտի կռուէր սեւ ու ամեհի վիշապներուն դէմ, պիտի սպանէր բոլորը ու ազատէր տիեզերքը կործանման սպառնալիքէն։ Նոյն այս իմաստով ալ շարք մը հրազէններ փողաձեւ են, ինչպէս՝ հրասայլեր, թնդանօթներ, ականանետեր, զրահապատ եւ հրաթափող այլ հրետանիներ, որոնց փողին ընդմէջէն արկեր կ’արձակուին կասեցնելու համար թշնամիին յառաջխաղացքը եւ ոչնչացնելու անոր գործածած հրազէնները…։
Փողը նաեւ նուագարանն է. «Ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ լեռնասոյզ, սարէ ի սար չարաշշուկ տարին լուր»։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն Թաղումը» բանաստեղծութեան տողերն են, ուր նահատակ զինուորի թաղումը կը կատարուի առանց աղմուկի ու փողերախումբի, առանց փողհարներու, որովհետեւ հերոսը փողերու պէտք չունի ու իր շշուկն անգամ տարածուն է սարէ սար, ձորէ ձոր…։
Մարմնի անդամներէն փողը վիզն է կամ պարանոցը, որմէ ալ ունինք փողկապը։ Փողով ունինք բարդ բառեր ինչպէս՝ քթափող, շնչափող, ողնափող, ծիրանափող… եղջերափող, եղէգափող… եւ այլն, իսկ որպէս կրկնաւոր բայ՝ ունինք փողփողելը, որ փայլեցնել կամ ծածանել կը նշանակէ. «Թող փողփողի [եռագոյնը] թշնամու դէմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան»։
Փողը նաեւ այլ իմաստ ունի, որ արեւելահայերէնին յատուկ է եւ կը նշանակէ դրամ։ Երեւանի փողոցներուն մէջ մարդ կայ փողը առեր կը պոռայ, քարոզարշաւ կ’ընէ։ Մարդ ալ կայ փող կը մուրայ։ Իսկ թէ փողոցը ինչո՞ւ փող է։ Կը բացատրուի, որ ժամանակին տուներու հանդիպակաց տարածքը շատ նեղ կ’ըլլար եւ խողովակաձեւ, այդ պատճառով ալ նեղ անցքերուն փողոց կ’ըսէին։ Ըստ Աճառեանի, հին ատեն պալատներն ու ապարանքները միայարկ էին, իսկ շէնքի մէջտեղը միջանցք մը կար, որ փող կը կոչուէր։
Յիշենք Զահրատի տողերը.
Երբ երկու կողմը շէնքեր շինեցին
Փողոցը ծնաւ
Մեծ էին շէնքերն – այնպէս հոյակապ – որ երբ հարցուցին
Փողոց չեմ ըսաւ – պողոտայ եմ ես (Մարդու միս)
Փողոցի ստորգետնեայ ջուրի խողովակներուն փողրակ կ’ըսենք։ Հետաքրքրական է, որ փողոցը յարադրաւոր բայի ալ վերածուած է՝ «փողոց տալ» կը նշանակէ ճամբայ բանալով երթալ։ Ժողովրդական ասոյթներուն մէջ կան հետեւեալ արտայայտութիւնները. «փողոց մնալ», որ կը նշանակէ անօթեւան մնալ, «փողոցային»՝ գռեհիկ, «փողոցի աղջիկ»՝ անառակ աղջիկ, «փողոցները չափել չափչփել»՝ անգործ պտտիլ։
Փողոցները տեսակաւոր են. բանուկ փողոց, խուլ փողոց, ամայի փողոց, փակ փողոց, լայն փողոց, նեղ փողոց, վաճառափողոց… եւ այլն։ Իմ փողոցը մնաց ետեւ «անմեղութեան երազի պէս», ուր մանկութիւնս անցուցի եւ հիմա բացակայութիւնս է, որ հոն կը պտտի…
Փողոցները իրենց անուններն ունին եւ՝ իրենց դիմագիծը։ Փողոցը կեանքն իսկ է, ունի իր իւրայատուկ բառապաշարը եւ լեզուն։ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուրախ օրերուն, երբ ո՛չ համաճարակ կը տիրէր եւ ոչ պատերազմական իրավիճակ, արեւելահայ փոքրիկները գնդակը կը տշէին, իսկ սուրիացիները կը շութէին, բայց ոչ ոք կը հարուածէր գնդակը, որովհետեւ անոնք փողոցն էին, իսկ փողոցը, ինչպէս ըսի, իր լեզուն կ’ենթադրէ։
Պատերազմի օրերուն Երեւանի փողոցները մէկ դիմագիծ ունէին։ Բոլոր խանութներու ցուցափեղկերուն, փողոցի պատերուն, մայթերուն եւ անցումներուն վրայ անոնք կը հաւաստիացնէին, որ «յաղթելու ենք»։ Պատերազմէն ետք, փողոցները իրարմէ հեռացան։ Հակասական փողոցներ դարձան։ Պոռչտուք ու աղմուկ կը լսուի ամէնուրեք, անվայել խօսքեր ու լուտանք։ Փողոցներուն մէջ երկրի հարց կը քննարկուի, նոյնինքն իշխանութիւնը փողոցէն չեկա՞ւ։
Փողոցս տարածութիւն մըն է անվերջ, որ մինչեւ թարթիչներուս ծայրը կ’երկարի (Գ. Ճիզմէճեան «Փողոցը»)։
Այժմ Այգեձորի փողոցն եմ։ Ականջիս կու գան երկու տարեցներու միջեւ ծայր առած երկխօսութեան պատառիկներ։ Անոնք բուռն քննարկման մէջ մտած՝ Ռուսաստանի միջամտնելն ու չմիջամտելը կը խորհին բարձրաձայն։ Քայլերս արագ են. ամէն բան չեմ հասնիր լսելու, կը դառնամ առաջին նրբանցքն ու ականջալուր կ’ըլլամ խօսակցութեան մը միջին տարիքի չորս տղամարդոց, որոնք կրկին երկրի հարց կը խօսին։ Ուրիշ ի՞նչ պիտի խօսէին հապա։ Ու Փողոցը ժողովուրդն է, որ կը սպասէ այս անորոշ կացութեան բարի աւարտին։ Երբեմն լուռ ու խոհուն, երբեմն հայհոյելով, երբեմն ալ՝ փողը առած «Հա-յաս-տան» վանկարկելով։ Կը սպասէ հանրակառքին մէջ, թէ մեթրոյին։ Բաբախող սրտով կը սպասէ գերիներու վերադարձին։ Համբերութեամբ կը սպասէ վիրաւոր զինուորի ապաքինման։ Կը կրկնէ «Վասն հայրենեաց մեռար, դուն շատ ապրեցար» ու կը սպասէ մարդկայնութեան այս անմարդկային աշխարհին մէջ, չի սպասեր գութի, կարեկցանքի, կը սպասէ արդարութեան։ Ի զուր. չի սպասեր արդարութեան. կ’ուզէ հաւատալ սեփական ուժին… այսքա՜ն հիասթափութենէ յետոյ… Ու փողոցները ամէն գիշեր կը մթնին եւ ամէն գիշերէ վերջ նո՛ր օր ու նո՛ր առաւօտ կը դիմաւորեն։
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան