Ժողովրդավար հասարակութեան մէջ կուսակցութիւնները իրենց էութեամբ ու ծագման դրդապատճառներով կոչուած են դառնալու առաջատար ուժը եւ նախատարերքը ընկերային կեանքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ հիմքը՝ քաղաքական համակարգի կառուցումին: Այդ համակարգին արդիւնաւորութիւնը մեծ չափերով կախեալ է այն հանգամանքներէն, թէ ինչպիսի՛ն են կառուցային կապն ու յարաբերութիւնները՝ պետութեան ու կուսակցութեանց միջեւ:
Կուսակցութիւնները կը ստեղծեն այն միջավայրը, ուր կը նախապատրաստուի, կը կազմաւորուի ու առաջ կը մղուի արժանաւոր ղեկավարներու տարրը: Այդ միջավայրին մէջն է, որ կը նախաձեռնուի բնակչութիւնը քաղաքականօրէն դաստիարակելու գործը: Անոնց խթանովն է, որ քաղաքացիները երկրի կառավարման ընդհանուր համակարգին մէջ իրենց մասնակցութեան բաժինը կը ստանձնեն: Նաեւ՝ կուսակցութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեանց շնորհիւ առիթ կը տրուի ընտրազանգուածին, որ քուէի ճամբով փոխարինումի իր ընտրանքը կատարել կարենայ:
Բոլորովին տարբեր հոլովոյթով զարգացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական դաշտը: Տարբեր՝ նոյնիսկ կազմալուծուած Խորհրդային Միութեան միւս երկիրներէն, ուր իշխանութեան գլուխ եկան համայնավար կուսակցութեան մէջ թրծուած մարդիկ: (Գնահատում չէ որ կը տրուի, այլ պարզ հաստատում մը կը կատարուի):
Մինչդեռ Հայաստանի պարագային, անցումային շրջանի շփոթին մէջ իշխանութեան աթոռները գրաւեցին ղարաբաղեան շարժումի պարագլուխներ կամ կռուի ճակատներուն վրայ թէ ճակատներու ետին անուն վաստկած գործիչներ, որոնք կազմակերպականօրէն եւ իբրեւ անհատականութիւն չէին կազմաւորուած որեւէ կուսակցական դպրոցի մէջ, ուր որոշ չափով կը տիրէ սկզբունք, կայ վերանորոգուելու մեքենականութիւն, յօգուտ քաղաքացիներուն աշխատելու ձգտում, իրար հանդուրժելու մթնոլորտ եւ ժողովրդավարութեան նախապայմանը հանդիսացող՝ հարցերը տարբեր մօտեցումով ու ըմբռնումով դիմագրաւող մարդոց հետ կենակցելու-գործակցելու վարժութիւն:
Զարտուղի այս հոլովոյթին հետեւանքը եղաւ այն, որ շարժումին մէջ որոշ դերակատարութիւն ունեցած, բայց եւ այնպէս իշխանութեան շոգեկառքին չհասած անձեր մրցումի ելլեն, իրենք ալ իրենց բախտը փորձեն, որով եւ Հայաստանի քաղաքական հրապարակը խճողեն կուսակցութիւններով: Կուսակցութիւններ, որոնք զուրկ կազմակերպական փորձէ ու յենարանէ, պայմանաւորուեցան անձերով ու պատկանեցան անձերու եւ ոչ՝ հակառակը:
Կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ կուսակցութեանց դիմագրաւած մարտահրաւէրները ըստ էութեան առնչուած եղան նոյնինքն ժողովրդավարութեան ու ժողովրդավար համակարգի կառուցման հետ: Այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին մէջ արձանագրուած թեթեւակի առաջընթացը դարմանում չբերաւ բացասական կացութեան:
Ինչ ըսել կ’ուզենք:
Լայն իմաստով, կուսակցութեանց գլխաւոր առաջադրանքը, եթէ կ’ուզէք՝ նոյնիսկ առաքելութիւնը կը կայանայ այն ձգտումին մէջ, որ կը նպատակադրէ քաղաքացիները ներգրաւելու երկրի քաղաքական համակարգին մէջ: Անոնք իրենց կազմակերպական կառոյցով եւ ժողովրդավար ներքին կանոններով ունին առանձնաշնորհումը՝ ստեղծելու նպաստաւոր ենթահող, ուր ընկերային տարբեր շահերու հետամուտ, յաճախ նաեւ մրցակից խաւեր միեւնոյն միջավայրին մէջ իրարու կը բախին, ուր հակոտնեայ խնդիրներ «հարկադրաբար» կը լուծուին, իրարու կը ներդաշնակուին, բիւրեղանալով կը վերածուին մէկ յայտարարի եւ կը դառնան քաղաքական պահանջ ու քաղաքականութիւն: Այս գործընթացն է նաեւ, այսինքն ներկուսակցական յարաբերութիւններն են, որ կը ճշդորոշեն տուեալ կուսակցութեան բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը: Այնպէս որ, կուսակցութեանց կառոյցն ու մեքենականութիւնը պայմանաւորող ներքին կանոնագրութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի քաղաքացիի ընկերայնացումին մէջ: Ընկերայնացում, որ պէտք չէ ըմբռնել անհատի քաղաքականացման սեղմ իմաստով, այլ շատ աւելի ընդհանուր ու լայն՝ քաղաքակրթական հասկացողութեամբ ու պարունակով, քանի որ ներկուսակցական յարաբերութիւնները, գործերը վարելու, որոշումները կայացնելու եւ գործադրելու եղանակը, մէկ խօսքով՝ կուսակցութեանց բարոյականութիւնն ու բարոյական կերպարը դուրս կու գան կուսակցական սահմանափակ միջավայրէն, կը ներգործեն հասարակութեան վրայ՝ ստեղծելով ուրոյն մշակոյթ, որ քաղաքականէն շատ աւելին է եւ կը տարածուի ընկերային կեանքի բոլոր երեւոյթներուն ու արտայայտութեանց վրայ:
Հակադարձաբար, կազմակերպական խարիսխէ ու ժողովրդավար հիմունքէ զուրկ կուսակցութիւնները պարզապէս կը վերածուին մեքենականութեան մը, որ ղեկավար դասին դիրքերը կը պահպանէ եւ անոր համար իշխանութեան աթոռներ կը փորձէ ապահովել: Կը հաստատուի ընտրեալներու եւ հրահանգողներու գերիշխանութիւն՝ ընտրողներու եւ հրահանգուողներու վրայ: Հետզհետէ կը ստեղծուի քաղաքական այնպիսի մշակոյթ, որուն պայմաններուն տակ աստիճանաբար կը ձեւաւորուի անձնիշխանութեամբ գործող համակարգ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, իշխանութեան աստիճանակարգի ամէն մէկ սանդխամատին՝ գերադասէն դէպի ստորադասը:
Ահա թէ ինչո՛ւ գործող կուսակցութեանց համար վճռականօրէն կարեւոր է, որ ունենան ժողովուրդին մէջ տարածուած կազմակերպական ցանց եւ ժողովրդավար կանոնագրութիւն, որոնցմով պիտի բացայայտուին կուսակցութեան նպատակները, ընտրանքները, սկզբունքները, քաղաքական ու ընկերային տեսլականները, որոնք, ամէն պարագայի, անհրաժեշտաբար պէտք է համապատասխանեն երկրի սահմանադրութեան հրահանգներուն:
Հայաստանի մէջ զարտուղի երեւոյթ պարզեց նաե՛ւ կուսակցութեանց կազմութեան ու կազմաւորման հոլովոյթը: Կուսակցութիւններ յառաջացան սահմանադրութեան բացակայութեան: Ենթակայ՝ ընտրական օրէնսդրութեան եւ Ազգային Ժողովի հաստատած կանոններուն, որոնք խորքին մէջ կը միտէին միջամտել, հակակշիռ բանեցնել կուսակցութեանց վրայ եւ սահմանափակել գործելու անոնց կարողականութիւնը:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեամբ, 5 Յուլիս 1995-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրութիւնը չբարելաւեց կացութիւնը: Ընդհակառակն. նախագահին վրայ կեդրոնացուց իշխանութիւնը, անոր տուաւ ժողովուրդի սպասումներուն արտայայտիչը ըլլալու հանգամանք, որով եւ ան դարձաւ ներքին խմորումները դասաւորող քաղաքական խաղին միակ տէրը:
Երկրորդ նախագահի՝ Ռ. Քոչարեանի օրով վերամշակուած սահմանադրութիւնը նշանակալի փոփոխութիւն չբերաւ: Ազգային Ժողովի 131 պատգամաւորներու թիւին 56 կամ այս թիւին մօտ աթոռները շարունակեցին վերապահուիլ անհատ թեկնածուներու, ինչ որ կը նշանակէր ստուերի մէջ թողուլ ու խափանել այդ ժողովին ներկայացուցչական հանգամանքը: Կը նշանակէր տակաւին՝ սեփական շահերու քաշքշուքին յանձնել երկրի օրէնսդրական դաշտը, այսինքն Ազգային ժողովը:
Գիտակից քաղաքացին կ’անդրադառնայ, որ անհատ գործիչները միայն իրենց անձը կը ներկայացնեն եւ կ’առաջնորդուին սեփական շահերով կամ իրենց թիկունքին կանգնող մարդոց պատուէրով: Անոնք ենթակայ են ժամանցումի (expiry date), որով եւ կը գործեն այդ մղումով: Չունին հաշուառու եւ իրենց քայլերը ուղղորդող ու հակակշռող կուսակցական-կազմակերպական խարիսխ: Մինչդեռ ժողովրդավար համակարգի մէջ, սահմանադրական իրաւունքով ու պարտաւորութեամբ, կուսակցութիւնները կը հանդիսանան միջնորդ-կամրջող օղակը պետութեան ու քաղաքացիներուն, այսինքն՝ ընտրազանգուածին միջեւ, իւրաքանչիւրը իր ուժին ու գրաւած դիրքին համեմատ: Մեծամասնութիւնը՝ կառավարութեան, իսկ փոքրամասնութիւնը՝ ընդդիմադիրի ու հակակշռողի դիրքերէն: Իրենց այս հանգամանքովն ալ անոնք կÿարտայայտեն ժողովուրդին կամքը ոչ միայն Ազգային Ժողովի կազմութեան տուեալ պահուն, այլ տեւաբար՝ պետութեան բոլոր գործերուն ու օղակներուն մէջ: Այս ձեւով կ’ապահովուի նաեւ քաղաքացիներու գործակցութիւնը, այնքան անհրաժեշտ՝ պետական ծրագիրներու եւ կառավարութեան նախաձեռնութիւններու յաջողութեան համար:
Այս տեսակէտէն, Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքը չէին արտօներ, որ գործող կուսակցութիւններէն նոյնիսկ բոլոր տուեալները ամբողջացնողն ու ամէնէն յուսալին կարենար կենսագործել միջնորդի էական դերը՝ քաղաքացիներուն ու պետութեան միջեւ: Ատոր հետեւանքով ալ՝ քաղաքացիին օտարացումը կուսակցութիւններէն, նաե՛ւ՝ պետութենէն: Լաւագոյն պարագային քաղաքացին անոնց պիտի դիմէր, երբ «շնորհ» մը ստանալու ակնկալիքն ունենար: Հասկնալի է, որ «շնորհ» բաշխելու գործին մէջ ջերմեռանդօրէն առատաձեռն կ’ըլլան քաղաքական անհատ գործիչները, իրենց անձնիշխանութիւնը ամրապնդելու եւ վերարտադրութիւնը ապահովելու համար: Եւ այսպէս, «շնորհ» տալու-առնելու ոլորապտոյտին մէջ պիտի զարգանար խաթարուածութեան «մշակոյթ» (կոռուպցիա)՝ բոլոր հետեւանքներով:
Քաղաքական կուսակցութեանց հանդէպ պետութեանց կեցուածքը ընդհանրապէս կ’անցնի չորս փուլերէ: Նախ՝ ընդդիմութիւն ու պայքար անոնց դէմ, յետոյ՝ անտեսում, ապա՝ ճանաչում-օրինականացում, ի վերջոյ՝ միաւորում պետական համակարգին:
Մինչեւ 1998 թուական կուսակցութեանց նկատմամբ հայրենի պետութեան կեցուածքը կը գտնուէր առաջին փուլին մէջ՝ հակադրութիւն ու պայքար անոնց դէմ: Թէեւ օրէնքով արտօնուած էին անոնք, բայց եւ այնպէս կը հանդուրժուէին միայն այնպիսիները, որոնք նախագահին կամ անոր հովանաւորեալներուն ընտրական յենարանը կը կազմէին: Այս առումով ամէնէն ծայրայեղ օրինակը ՀՅԴ-ին արգիլումն էր, քանի որ ան ոչ միայն կը մերժէր ԼՏՊ-ին յենարանը դառնալ, այլեւ կ’ընդդիմանար անոր ընտրանքներուն ու գործունէութեան:
1998-էն, երկրորդ նախագահի օրով պետութիւն-կուսակցութիւն յարաբերութիւնները թեւակոխեցին երկրորդ փուլ՝ անտեսում: (Յիշենք Ռ.Քոչարեանի յայտարարութիւնը՝ «ժողովուրդն է իմ կուսակցութիւնս» անորոշ կարգախօսը եւ կուսակցութեանց ապրած ներքին ճեղքերը, որոնք նախագահին կողմէ անտեսման վարքագծի եւ անոր ձեռնարկած քաղաքական խաղերու բացասական հետեւանքներն էին):
Երրորդ նախագահի երկրորդ նստաշրջանին եւ անոր կողմէ ձեռնարկուած ներկայի գործող սահմանադրութեամբ՝ խորհրդարանական համակարգի անցումի փորձը կարեւոր նախաքայլ մը կը կարծուէր եւ կարգ մը վերապահութիւններով կը համարուէր, թէ կը գտնուինք երրորդ ու չորրորդ փուլերու արանքին, այսինքն պիտի սկսի գործընթացը՝ ճանաչումէն դէպի «պետութիւն-կուսակցութիւններ» միաւորումի վերջին հանգրուանին, ուր կուսակցութիւնները լիարժէք պիտի կատարէին իրենց առաքելութիւնը եւ պիտի հանդիսանային միջնորդող օղակը՝ պետութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը իրարու կապող: Ասիկա չէր նշանակեր անշուշտ, որ շուտով ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէր, սպասումները անարգել պիտի իրականանային, իտէալականը պիտի իրագործուէր: Ոչ ոք այնքան միամիտ կրնար ըլլալ կարծելու համար, թէ մէկ օրէն միւսը պիտի նուաճուէր իտէալական համակարգի հանգրուանը: Սակայն կ’ենթադրուէր, որ վերջ կը գտնէ մինչայդ գործող կուսակցութիւններու խայտաբղէտութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ կը յստականայ Հայաստանի քաղաքական դաշտը, աւելի մեծերու մէջ կը ձուլուին-կը լուծուին մանր-մունր կուսակցութիւնները, մինչեւ որ երկիրը օժտուի սակաւ, այլ ընկերային հակուածութեամբ ու գաղափարական առումով իրարու մօտ բազմատարր կուսակցութիւններով (օրինակ՝ կեդրոն աջ-կեդրոն ձախ, պահպանողական-ազատական-յառաջդիմական եւ այլն): Այս բիւրեղացումը անկասկած բաւական երկար ժամանակի պիտի կարօտէր եւ անպայման պիտի ըլլային նաեւ խարխափումներ…: Այդ նոր սահմանադրութեան գործադրութեան սկիզբն իսկ յատկանշուեցաւ խարխափումով մը, երբ երրորդ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան, նախագահական երկրորդ ու վերջին պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտին ուզեց շարունակել երկրի ղեկավարումը, այս անգամ իբրեւ վարչապետ, ինչ որ կ’արտօնէր նոր սահմանադրութիւնը: Յաջորդող իրադարձութիւնները ծանօթ ըլլալով ժամանակակիցներուս՝ աւելորդ է անոնց անդրադառնալ: Պարզապէս ըսենք, որ ՀՀ-ի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի անյագ իշխանատենչութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովրդային ընդվզումին, որու առաջնորդող դէմքը՝ Նիկոլ Փաշինեան ունենալով ընդվզած զանգուածներու յենարանը եւ տարատեսակ ճնշումներ ու շանթաժներ ի գործ դնելով վարչապետի պաշտօնին տէր դարձաւ: Անոր կառավարման երեք տարիները (2018-2021) Արցախեան մեր յաղթանակի կորուստին հետ եւ ընդհանուր առումով՝ իսկական պատուհաս մը եղան Հայաստանին, հայութեան եւ Ղարաբաղեան դատին…:
Թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ժողովրդավար ըմբռնումներու վայել քաղաքական մշակոյթ պիտի ծաւալի մեր հայրենիքին մէջ, կը մնայ անորոշ:
Յամենայդէպս, արձանագրենք նաեւ, որ ամէն երկիր ու ժողովուրդ իր կեանքի պայմաններէն բխող զարգացման ներքին տրամաբանութեան մը հոլովոյթին ենթակայ է՝ բարձրանալու համար քաղաքակրթութեան աստիճաններէն: Հայրենի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը գտնուի այն սանդխամատին վրայ, ուր տակաւին ամէնօրեայ ապրուստի տարրական կարիքները հայթայթելու առաջնահերթ հոգը ունի եւ անորոշ ապագայի մղձաւանջը: Ապրուստի խնդիրը լուծելէ, ինչպէս նաեւ իրաւունքի ու արդարութեան ապահովութիւնը ունենալէ ետքն է, որ քաղաքացիները պիտի բարձրանան յաջորդ սանդխամատին, ուրկէ կուսակցութեանց միջոցով պիտի մղուին ընկերութիւնը կազմակերպելու, ինքնաճանաչման ճամբով ընկերային ու գաղափարական իրենց ուղղուածութիւնը ճշդորոշելու, ապա՝ կատարելագործուելու աշխատանքին, ձգտումին:
Միհրան Քիւրտօղլեան