Երկուշաբթի, 3 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իրանի Քարիւղի նախարարի օգնական Ահմէտ Ասատ Զատահ յայտնեց, որ իրանեան պատուիրակութիւն մը Սուրիա ժամանեց՝ երկու երկիրներուն միջեւ քարիւղային ոլորտին մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով։ Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով Զատայի խօսքը յայտնեց. «Նախարարութիւնը Սուրիոյ եւ Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներուն հետ գործակցութիւն յառաջացնելու ծրագիրներ ունի»։ ԱՆ աւելցուց, որ այս երկիրներուն մեծամասնութիւնը բնական կազի կարիք ունի, ուստի, բոլոր կողմերուն գործակցութեամբ շինիչ ծրագիրներ կարելի է իրագործել, օգտուիլ եւ օգտակար դառնալ բոլորին: