Սուրիոյ մէջ տեղեկատուական մասնագիտական ուսումնառութիւնը սկսած է Դամասկոսի մէջ, երբ 1969-ին լրագրողներու պատրաստման ուսումնարան հաստատուած է: Ապա՝ 1987-ին տեղեկատուական ուսումնառութիւնը բարելաւելու միտումով հաստատուած է Դամասկոսի պետական համալսարանի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժինը, որ սակայն սահմանափակ եղած է ե՛ւ դասաւանդման նիւթերով, ե՛ւ դասախօսներով: Սուրիոյ մէջ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան ուսումնառութիւնը նոր փուլ թեւակոխած է 2011-ին, երբ Դամասկոսի համալսարանին կից մամուլի եւ տեղեկատուութեան սեփական համալսարան հաստատուած է: Վերջինս օժտուած է մասնագիտական բարձր որակով:
Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն արդէն իսկ նկատելի դարձաւ տեղացի լրագրողներու մասնագիտական աշխատանքին որակը եւ Սուրիոյ լրատուական դաշտի աշխուժացումն ու նպատակաուղղուածութիւնը:
Այս տարիներուն մեկնարկը կատարուեցաւ նաեւ սուրիական տեղեկատուական առցանց համալսարանին: Վերջինս իր նիւթերով եւ դասախօսներով նոր որակ բերաւ լրատուական մարդուժի պատրաստութեան:
Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի նաեւ Հալէպի մէջ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան պետական համալսարանի մը բացումը, ինչ որ որոշիչ դեռ կրնայ ունենալ նաեւ այս ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող հալէպահայ երիտասարդներու թիւի աճման մէջ:
Տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ հայ մամուլը զարգացած է համայնքին սեփական ճիգերով, յաճախ գերազանցելով տեղականը:
Արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումով, սակայն, մամուլը տեղափոխուած է հասարակական ցանցերու հարթակ: Այս երեւոյթը իր դրական ներգործութեան կողքին ունեցած է բացասական կողմեր՝ լրատուամիջոցներուն դերը շատ մը պարագաներու զիջելով դիմատետրային  հապճեպ լրատուութեան:
1993-էն սկսեալ սուրիահայ միակ շաբաթաթերթը կը մնայ «Գանձասար»-ը: Անոր դերակատարութիւնը սոսկ լրատուութիւնը չէ, այլեւ հարցերու առողջ քննարկման հարթակ դառնալը, մտածողութիւն զարգացնելը եւ հրապարակագրութեան ու վերլուծական յօդուածներու ճամբով հասարակական կարծիք ձեւաւորելը, յատկապէս համահայկական եւ ազգային հարցերու գծով:
 «Գանձասար»ը նաեւ սուրիահայութեան ազգային, մշակութային, մարզական ու եկեղեցական կեանքին հայելին է:
Անոր շարունակուող գործունէութիւնը յատկապէս պատերազմի տարիներուն թերթը դարձուցած է ոչ միայն  հայկական, այլեւ օտար լրատուամիջոցներու համար վաւերական աղբիւր: Փաստօրէն հայկական զանազան թերթերուն կողքին, արեւմտեան աշխարհի շարք մը լրատուամիջոցներ կը դիմեն «Գանձասար»ին սուրիահայութեան մասին վաւերական տեղեկութիւն ստանալու համար:
«Գանձասար» վերջին տարիներուն օժտուեցաւ Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ թղթակցային կէտերով: Իսկ երիտասարդ գրիչներու ներգրաւումը իր առաջին ծիլերը սկսաւ տալ թերթին մէջ, առաւելաբար «երիտասարդական ոսպնեակ» սիւնակին տակ: Այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը, կը հաւատանք, յառաջիկայ ամիսներուն թերթը պիտի օժտէ երիտասարդ աշխոյժ տարրով:  Երիտասարդ ատաղձ մը, որ խոստումնալից մարդուժի կրնայ վերածուիլ հետեւողական աշխատանքի առկայութեան պարագային:
Ողջունելի է նաեւ «Գանձասար»-Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ ընթացք առած գործակցութիւնը, որ նոյնպէս կրնայ աւելցնել մամլոյ հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ փորձ-գրութիւններով հանդէս գալու յանդգնութիւն ունեցող երիտասարդներուն թիւը:
Իրերու բնական զարգացումով, թերթ, ձայնասփիւռ, դիմատետր, տեսերիզներ կու գան հարստացնել սուրիահայ կեանքի լրատուական դաշտը այս օրերուն: Սա կը թելադրէ մասնագիտականօրէն կարգաւորել զանգուածային տարբեր լրատուամիջոցներու աշխատանքը՝ իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը առանձնացնելով, աշխատանքները համադրելով եւ մասնագիտացման չափանիշները պահպանելով: