Չորեքշաբթի, 5 Յունուար 2022-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբին: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան անդամներ Յարութ Չամիչեան եւ մեթր Պայքար Թովմասեան, Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Հոգշ. Տ. Մանուկ աբղ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն հոգշ. Տ. Եսայի աբղ. Էօրտէքեան, ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, ինչպէս նաեւ թեմի քահանայ հայրեր։ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան Մարդասիրական Առաքելութեան ութերորդ խումբի հրամանատար Արմէն Աւագեանի, մարդասիրական խումբի ականազերծողներուն եւ բժիշկներուն կողմէ: Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան աւետարանը ընթերցեց, ապա Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը փոխանցեց Մարդասիրական Խումբին: Իր սրտի խօսքին մէջ, ան Բերիոյ Հայոց Թեմի անունով շնորհաւորեց խումբի մասնագէտները՝ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով, գնահատեց անոնց տարած մարդասիրական աշխատանքը եւ մաղթեց, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքը խաղաղ եւ բարգաւաճ տարիներ ունենան: Աւարտին տեղի ունեցաւ Ծննդեան շարականներու երգեցողութիւն: Սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելով Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը մօտէն ծանօթացան ներկայիս տարուող աշխատանքներուն: Յիշենք, որ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան ութերորդ խումբը անցնող ամիսներուն Սուրիա ժամանեց եւ ներկայիս կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի եւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: