“Երկիր”._Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Յունուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն: Զրուցակիցները շնորհաւորանքներ փոխանակած են Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով: Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են Ղազախստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ_ի միատեղ քայլերու իրականացման ընթացքը: