Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի դիրքերուն ուղղութեամբ այսօր` 8 Յունուարին, ատրպէյճանական զինուորական ծառայողներ կրակոցներ արձակած են, որմէ ետք փոխրհրաձգութիւն սկսած է։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնեց Վերին Շորժա համայնքի ղեկավար Արտոմ Երանոսեան։ «Կրակոցները տեւած են մօտաւորապէս 45 վայրկեան, 2:15_էն մինչեւ 15:00, ապա դադրած են: Կրակոցներու ձայնը գիւղին մէջ լսուած է, ես ալ լսեցի։ Տղոց հետ խօսեցայ։ Անոնք հակահարուածներով պատասխանեցին եւ դադրեցուցին թշնամիին կրակոցները։ Ատրպէյճանցիները կրակեցին դիրքերու ուղղութեամբ, մեր տղաքն ալ համապատասխան կրակոցներով դադրեցուցին կրակոցները, հիմա ամէն ինչ հանգիստ է», ըսաւ ան։