ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– 2021 տարեշրջանին Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան արժանացաւ Լաթաքիոյ Թշրինը, իսկ հանրապետական բաժակին՝ Ճապլէն: Պասքեթի ախոյեանութեան տղոց մրցումներուն, Հոմսի Քարամէն իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ երկրի ախոյեանութեան, իսկ հանրապետական բաժակին տիրացաւ Ճալաաը: Դամասկոսի Սաուրայի աղջկանց խումբը արժանացաւ զոյգ բաժակներու: Արաբական աշխարհի ախոյեանութեան Սաուրան դարձեալ արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ, գրաւելով ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը: Խումբի խաղացող Ալիսիա Մակարեան դարձաւ լաւագոյն մարզիկը:
Յիշենք, որ 2021-ին, Սուրիոյ մարզական կեանքը արձանագրեց նաեւ այլ նուաճումներ. մարզիկներ տիրացան տարբեր մետալներու, ինչ որ գնահատուեցաւ Սուրիոյ մարզական գերագոյն դաշնութեան կողմէ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը մէկ շաբթուան տեւողութեան Հալէպի մէջ կատարեց ուսումնամարզական հաւաքներ, ուր հրաւիրուեցան նաեւ Շուէտի ախոյեանութեան մաս կազմող չորս տեղացի խաղացողներ, որոնք առաջին անգամն էր, որ մաս կը կազմէին հաւաքականին:
– Հոմսի Քարամէի վարչութիւնը Կիրակի օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ֆութպոլի խումբի մարզիչութեան պաշտօնը վստահած է Սուրիոյ հաւաքականի նախկին մարզիչ Այման Հաքիմին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
2021-Ի ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԴԷՊՔԵՐ
2021 թուականը տարբեր երկիրներու համար եղաւ երազանքներու իրականացման տարի մը: Իտալիոյ հաւաքականը 35 տարի Եւրոպայի ամպիոններէն հեռու մնալէն ետք, այս տարի յաջողեցաւ ձեռք ձգել Եւրոպայի բաժակին ախոյեանութիւնը, աւարտական մրցումին տուգանային հարուածներով պարտութեան մատնելով Անգլիան:  Անգլիոյ Չելսին իր կարգին կրցաւ տիրանալ Եւրօ Չեմփիընզ լիկի կոչումին՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Մանչեսթըր Սիթին՝ 1 – 0 արդիւնքով, իսկ Վիլա Ռէալը հասաւ Եւրօ լիկայի աւարտական  մրցումին՝ յաղթելով Մանչեսթըր Իւնայթըտին: Երկիրներու ախոյեանութեան մակարդակով, Աթլեթիքօ Մատրիտը իրականացուց տարիներու իր երազը տիրանալով Սպանիոյ ախոյեանութեան: Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը դուրս եկաւ վերջին տարիներու սովորութիւններէն եւ երկրի ախոյեանութեան եւ հանրապետական բաժակի զոյգ կոչումները տրամադրեց Լիլ ակումբին, իսկ վերջին տարիներու ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանը գրաւեց երկրորդ դիրքը: Անգլիոյ Ախոյեանութեան տէրը դարձաւ Մանչեսթըր Սիթին, Իսկ Լեսթըր Սիթին  արժանացաւ թագաւորական բաժակին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան