Երկուշաբթի, 10 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Մորիթանիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Իսմայիլ Ուըլտ ալ Շէյխ Ահմէտի հետ։ Նախարար Մըքտատ Նախագահ Ասատին կողմէ նամակ մը փոխանցեց Մորիթանիոյ նախագահ՝ Մուհամմէտ Ուըլտ ալ Շէյխ Ղազուանիին, որուն մէջ Ասատ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց նախագահ Ղազուանիին պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալուն բերումով, եւ Մորիթանիոյ ժողովուրդին յարաճուն վերելք մաղթեց։ Նախարար Մըքտատ Մորիթանացի իր պաշտօնակիցին հետ խորհրդակցեցաւ նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման շուրջ։