Երկուշաբթի, 10 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց պաղեստինեան «Ֆաթհ» ազգային շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի քարտուղար Ճպրայիլ Ռաճուպը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին Ռաճուպ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի նախագահ Պաշշար ալ Ասատին ուղղած նամակը փոխանցեց Մըքտատին։ Նախարար Մըքտատ շեշտեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը Պաղեստինի ժողովուրդին, յայտնելով, որ Սուրիա եւ Պաղեստին Իսրայէլի եւ անոր ոտնձգութիւններուն դէմ կը պայքարին։ Այս առիթով Մըքտատ շեշտեց պաղեստինեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան եւ համաձայմութեան կարեւորութիւնը, ի նպաստ Պաղեստինի ժողովուրդին։ Նախարար Մըքտատ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի ոտնձգութիւնները եւ իրարայաջորդ ոճրագործութիւնները Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողեր Իսրայէլի բռնակցելու ապօրինի որոշումները։ Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան եւ սուրիական գրաւուած Կոլանի ժողովուրդին ի տես Իսրայէլի որոշումները մարդկութեան դէմ ոճիր կը համարուին եւ կը հակասեն միջազգային օրինականութեան որոշումներուն։ Իր կարգին, Ռաճուպ շնորհաւորեց Սուրիոյ ժողովուրդը եւ ղեկավարութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ իրենց ձեռքբերած յաղթանակներուն առիթով, ապա կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն վերացման։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, Նախարարութեան արաբական հարցերու վարչական տնօրէն Օսման Սաապ, Նախարարի անձնական գրասենեակի պաշտօնեայ Ռուաա Շարպաճի, իսկ պաղեստինեան կողմէն՝ «Ֆաթհ» ազգային շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի անդամներ՝ Ռոհի Ֆթուհի, Ահմէտ Հալաս եւ Դամասկոսի մէջ Պաղեստինի դեսպան Սամիր Ռիֆաաի։