Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքքար հանդիպած է հայ-թրքական երկխօսութեան գործընթացի Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ՝ Սերտար Քըլըչի հետ։ Թուրքիոյ ՊՆ-ը հանդիպումի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացին Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ։