Երեքշաբթի, 11 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց եւ Նիքարակուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պասսամ Սապպաղ, Նիքարակուայի նախագահ Տայէլ Օրդիկայի նախագահ վերընտրուելուն առիթով կատարած նախագահական սահմանադրական երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ, ապա փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին եւ սուրիական կառավարութեան շնորհաւորութիւնները Օրդիկային, անոր մաղթելով յաջողութիւն, իսկ Նիքարակուայի ժողովուրդին՝ յարատեւ բարգաւաճում։ Իր կարգին նախագահ Օրդիկա Սապպաղին միջոցաւ նախագահ Ասատին ողջոյններ փոխանցեց եւ բարձր գնահատեց Սուրիոյ ժողովուրդին պայքարը ահաբեկչութեան դէմ։