Խումբ մը հալէպահայերու հետ նախաճաշի մը ներկայ եղայ. համադամ ուտելիքներով բեռնաւորուած սեղաններուն գլխաւոր զարդը «Ֆուլ»-ն էր, պատրաստուած հալէպահայ ճաշարանատիրոջ կողմէ: Բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնները բարձր էին, բարձր էր նաեւ աղմուկը, քանի որ մէկը-միւսին բերնէն խօսքը խլելով, կը յիշէր Հալէպի նշանաւոր ֆուլ պատրաստող Ապու Ապտոն ու անոր յաջորդողները:
Օտար մը պիտի զարմանար՝ նախաճաշի մը ընթացքին այսքան աղմո՞ւկ, ուրախ մթնոլո՞րտ,  ան ալ «աղքատի ուտելիք» հռչակուած ֆուլկերոյթի մը ընթացքին, սակայն տարօրինակ չէր ներկաներուն համար, քանի որ երեւոյթին ենթահողը «Կարօտ»-ն էր… Կարօտը ծննդավայր Հալէպին ու կարօտը, ոչ միայն անոր ազգային նախաճաշին, այլեւ ամենայետին մանրուքին, կապուած տեղւոյն բարքերուն, սովորութիւններուն, կենցաղին, նոյնիսկ անոր փողոցներուն ու թաղերուն, անոր գեղեցկութիւնը գովերգող լուսանկարներուն ու տեսերիզներուն, որոնցմով լեցուն է դիմատետրը:
Նորութիւն չէ, տարիներէ ի վեր, գլխաւորաբար Սուրիոյ վրայ պարտադրուած պատերազմի սկիզբէն ի վեր, բոլոր անոնք, որոնք կամայ, թէ ակամայ լքեցին քաղաքն ու կայք հաստատեցին այլ երկիրներ, եթէ ոչ ամէն օր, զանազան առիթներով կը շարունակեն յիշել իրենց  քաղաքը, որ նման չէ աշխարհի որեւէ քաղաքի, կը յիշեն ու կը յուզուին, եւ իրենց յուզումը փարատելու համար, կը խնդան ու կը խնդացնեն շուրջինները, պատմելով ու գովելով, համեմատելով իրենց նոր կայքին հետ, նոյնիսկ չափազանցութիւններու երթալով: Ասոր անունը Կարօ՛տ է:
Կը կարօտնան ու կը յիշեն միայն անոր դրական կողմերը, չեն ուզեր յիշել անոր ժխտական կողմերը, ինչո՞ւ պաղ ջուր խառնեն ջերմիկ յիշատակներու կաթսային: Ու քանիերորդ անգամ ըլլալով կը վկայակոչեմ Զօհրապի մէկ պատմուածքը՝ «Կոտրելէն Ետք»ը:
Հաւանաբար շատեր կարդացեր են զայն. Զօհրապի առաւօտեան սուրճի բաժակին մասին է, որ տարիներով օգտագործած է անփոփոխ կերպով, եւ օր մըն ալ ձեռքէն իյնալով երբ կը կոտրի, անոր բեկորները հաւաքած ատեն, ուշադրութիւնը կը գրաւեն անոր վրայի գեղեցիկ նախշերը, որոնց բնաւ ուշադրութիւն չէր դարձուցած: Կը հիանայ անոնց տեսքով ու կը մտածէ, պէտք է կոտրէ՞ր, որ հասկնայի անոր արժէքը…
Հիմա մեր ըրածն ալ այս չէ՞. Հալէպ ապրած ատեննիս կ’անդրադառնայի՞նք անոր առաւելութիւններուն, թէ՞ յաճախ կը քննադատէինք՝ սա, կամ նա տգեղ երեւոյթները անոր: Կարօտը կը նմանի հոսող գետակի մը, որ իր ընթացքին հետ դուրս կը թափէ մէջի կեղտերը եւ կը մաքրուի ու կ’ընթանայ որոգելու շուրջի դաշտերն ու այգիները:
Մարդկային ուղեղին նուէրն է այդ մէկը, յիշողութենէն դուրս վանել ժխտական երեւոյթներն ու պահել դրականները, հոգեկան հանգստութիւն մը շնորհելով մարդուն:
Որեւէ անհատի համար իր ապրած կեանքի յիշատակները ամփոփող ծննդավայրն է ամենաթանկագինը, եթէ նոյնիսկ այդ ծննդավայրը ամենահամեստ գիւղն է: Պարզ է, ծննդավայրը սուրբ է եւ անփոխարինելի, սակայն Հալէպը սովորականէն քիչ մը աւելին է, քաղաք մը, եւ անոր մէջի հայկական համայնքը իր եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններով, կը մնայ անկրկնելի աշխարհի մէջ: Այդ իւրայատկութեան գլխաւոր ազդակը հայկական ակումբներն են, ուր համայնքի անդամները իրենց կեանքին մէկ կարեւոր մասը կ’անցնեն, եթէ ոչ տեղւոյն մշակութային շարժումներուն մաս կազմելով, գոնէ քով-քովի գալով հայերէն խօսելով ու իրենց հայկականութիւնը պահպանելով:
Հիմա ըսողներ պիտի ըլլան, որ ըրածս չափազանցութիւն է, ո՛չ, մենք մեզ գովելով չենք զբաղիր, հարցուցէ՛ք Հալէպ այցելած որեւէ օտարի, տեսէ՛ք թէ ինչպէ՛ս պիտի խօսի յիշատակելով անոր պատմական վայրերը, շուկաները, ուտելիքներն ու յատկապէս հալէպցիին բարութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնը: Իսկ հայկական համայնքի մասին, դուրսէն եկող հայերը վերոյիշեալ առաւելութիւններու կողքին պիտի յիշեն այն ազգային իւրայատուկ մթնոլորտը, որուն համար անվարան պիտի ըսեն՝ «Մենք մեզ Հայաստանի մէջ կարծեցինք», ամէն տեղ հայախօսութիւն, վաճառատուներու վրայ հայկական անուններ, իսկ հրապարակային ձեռնարկները, որոնք երբեմն իրար կը խաչաձեւեն, ուղղակի առինքնող են: Ապրի՛ Հալէպն ու հալէպահայը:
Երիվարիս սանձը թուլցուցի նորէն, չէ, ես չեմ, կարօտն է որ կը խօսի մէջս, թարգման հանդիսանալով շատ շատերուն: Մէկը Լոս Անճելոսէն անուշավաճառ «Տիապ»-ին Զլեպիէներուն ու շաապիաթին նկարները կը զետեղէ դիմատետրի վրայ, (ուրկէ ալ գտեր է), անմիջապէս Քանատայէն  ուրիշ մը «Ա՜խ, ըլլար ալ ուտէինք» կը գրէ: Մէկը լուսանկարչական մեքենան գործի լծած, Հալէպի բերդին ու հին թաղերուն լուսանկարները կը զետեղէ, երկրորդ մը կ’արձագանգէ ու Հալէպի հարուստ թաղամասերու շքեղ շէնքերուն նկարները կը դնէ: Ուրիշ մը չբաւարարուելով լուսանկարներով, ինքնաշարժով փողոցները կը դառնայ ու տեսերիզով նկարածները կը ցուցադրէ…
Կարեւորն այն է, որ Հալէպ ապրողները այլեւս անոր փլատակներն ու պատերազմին գործած աւերները չեն ցուցադրեր, այլ բոլոր նկարներուն մէջ գեղեցիկն ու գրաւիչը կը ցուցադրեն, փաստելով, որ ներկայ աննախնթաց տագնապին մէջ իսկ կեանքը կը շարունակուի ու Հալէպը  կուրծք տալով բոլոր դժուարութիւններուն դեռ կենսունակ է. արտայայտութեան եղանակ մը, որուն ետին թաքնուած հպարտութիւն կայ:
Լոս Անճելոս Հալէպի խանութ կայ, միտքէդ ինչ կ’անցնի, մինչեւ իսկ չորցած պամիա, տոլմացու սմբուկ, դդում, կարմիր պղպեղ ու ծոթրին (Զահթար): Մոնթրէալ ու Թորոնթօ ալ նոյնանման խանութներ կան, Երեւանի մէջ ալ Հալէպ անունով խանութներ կան, ուր շատ մը հալէպեան ապրանքներու ու քաղցրաւենիքներու կողքին, համեմներու տեսակներ կան, որոնցմով նշանաւոր դարձած են հալէպեան ուտեստները: Երեւանի մէջ բազմացան հալէպահայերու կողմէ բացուած ճաշարանները, ուր մեզի ծանօթ ամէն տեսակի ուտելիք կը հրամցուի, եւ որոնց յաճախորդները ընդհանրապէս հալէպահայերն են: Հայաստանցիները դժուար թէ փոխեն իրենց ճաշատեսակները, սակայն կամաց-կամաց սկսան սիրել համմոսն ու լահմաճիւնը, միջուկով քիւֆթան ու քեպապը:
Ինչ մեղքս պահեմ, երբ Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանը Հալէպ գացած էր ամրան,  ինծի անհրաժեշտ քանի մը տուփ դեղերուն հետ, խնդրեցի, որ Հալէպի նշանաւոր կարկանդակէն քանի մը հատ բերէ, այնքան կարօտցած էի: Վերադարձաւ տոպրակ մը ուզած կարկանդակներովս: Ես զանոնք ճիշդ մէկ ամիս վայելեցի, մասունքի պէս օրական մէկ, կամ՝ կէս հատ մը թէյիս հետ ուտելով…
Մանկամտութի՞ւն, ո՛չ, անուն չունեցող զգացում, յուզախառն, սիրելի՛, որուն անունը դրինք ԿԱՐՕՏ:
Յակոբ Միքայէլեան