Մեր անունները կը գրես
Ժամանակի թեւերուն վրայ
Ու կը ջնջես…
Մարտիկներ ենք քաջ
Բայց նորափետուր…
Հացը մեր շաղախուած արցունքով
Մեր մայրերուն
Մէկ կեանք է միայն
Մեզի տրուածը
Մի՛ ջնջեր…
Մայրը գնաց զինուոր զաւկին համար հաց պատրաստելու, մինչ արդէն ան, մարտի դաշտին վրայ մայրական կաթի անարատ սրբութեամբ յագեցած, թշնամիին դէմ կը ճակատէր։
Ամէն օրուան պէս վերադարձաւ մայրը, կենարար հացը ձեռքին, որդին արդէն արնաշաղախ հողին փարած, ազատատենչ երազներով մտած էր՝ քուն։
Մայրը զաւկին սենեակը մտաւ, առաւօտ էր. անցած էր երկար ժամանակ, փակեց դուռը։
Բաց ձգած էր դուռը, մտածելով, որ որդին անակնկալօրէն կրնար վերադառնալ…
Ալ անիմաստ էր դուռը բաց պահել…
Մայրը դուռը բացաւ ընդմիշտ…
Թաշկինակով ամուր սրբեց արցունքները եւ ձեռքի հացիկով սկսաւ կերակրել, նահատակ զաւկին դիմագիծերով թոռնիկը։
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան