Անտես զանգեր կան
Լեռներու խուլ ամայութեան մէջ
Կարօտի խունկ
Աղօթող հնչիւններ…
Քամին կ’արարէ
Մշուշապատ լեռնագագաթներ
Շարականի մարգարտաշար մանեակներով
Կը զարդարուին լեռները
Լոյսի սիւներով, քաջազուններու հոգիներով
Կը փթթի ամէն նոր, մշուշապատ քուլային մէջ թաց…
Կը հսկեմ քայլերդ
Արեւ կը ծագի
Նաեւ քու վրադ
Դուն ալ տուր
Քու սէրէդ խունկէդ աղօթքէդ ամէնուն
Կարեվէր զինուորը, իր նորածինին պատկերը կրծքին, լաւատես ժպիտով հայրենի հողին վրայ նիրհեց։
Որդին՝ ստեղծուած հօր պատկերով, հասակ առաւ, ծաղկեցաւ, կուրծքին սեղմած նահատակ հօր պատկերը։
Երկու պատկերներ, կենդանի՝ միաձուլուած ընդմիշտ ։ Հայրը կենդանացած իր որդիով, որդին հերոս հօրմով արժեւորուած։ Մէկ՝ ինչպէս Աստուած եւ Քրիստոս: Անոնք շաղախուած են հոգիի կապով, յաւիտեան…
Զինուորը իր յաւիտենական երազին մէջ, Հայաստանի գարունը տեսաւ։ Ծաղկած Հայաստանը՝ դրախտավայր, սերունդներ բողբոջող լոյսերու պէս, ամէնուրեք ճառագայթող, թռչուններու դայլայլներով, երջանկութեան տարածուող երգով՝զինուորին տան շուրջ եւ ամէնուրեք։ Կենսախինդ, արդարամիտ, հուժկու, տղաք ու աղջիկներ տեսաւ դրախտային պարտէզի կենդանացած տաճարէն ներս։ Զինուորի սերունդներ, զինուորը օրհնող երախտագիտութեամբ, պատկառանքով։ Ազգ մը ամբողջ զինուորն ու իր սերունդները մեծարող, թոռներ ու ծոռներ, որոնք շնորհիւ զինուորին փրկուեցան…։
Զինուորը փրկեց յոյսն ու հաւատքը, զինուորը կտակեց սէրը առ հայրենին։ Զինուորը նոյնինքն Քրիստոսն էր, ռազմի դաշտին վրայ, միացած անոր, Գողգոթայի ծանր խաչը կրելու։ Նոյնանալով հոգիին հետ, զինուորին մարմնին մէջ բնակելով, յաղթելու բարոյապէս, յաղթելու համար այնպէս, որ հետագայ սերունդները չկորսուին եւ շարունակեն ընձիւղիլ զինուորի պապենական երկրին վրայ։
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան