ՉԱՐԼԶ ՊՈՒՔՈՎՍՔԻ
ՊԱՏՃԱՌ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔ
Լաւագոյնները յաճախ
անձնամահ կ’ըլլան
սոսկ հեռանալու համար,
եւ անոնք որոնք ետեւ կը մնան
երբեք չեն հասկնար
թէ ինչո՞ւ որեւէ մէկը
երբեւէ պիտ’ ուզէր
հեռանալ
իրենցմէ:
ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ԳՆԱ
Եթէ պիտի փորձես, մինչեւ վերջ գնա։
Այլապէս՝ ոչ իսկ սկսէ:
Այս կրնայ նշանակել կորուստ ընկերներու, կիներու, հարազատներու եւ թերեւս նոյնիսկ խելքիդ:
Կրնայ նշանակել անօթութիւն երեք կամ չորս օր:
Կրնայ նշանակել սառչում այգիի նստարանին վրայ։
Կրնայ բանտարկութիւն նշանակել։
Կրնայ նշանակել ծաղրանք։
Կրնայ նշանակել մեկուսացում։
Մեկուսացումը պարգեւ է:
Մնացածը փորձութիւն է քու տոկունութեանդ, թէ որքան հետամուտ ես իսկապէս այդ ընելու։
Եւ դուն պիտի ընես, հակառակ մերժումին եւ ամենագէշ հաւանականութեան։
Եւ քու պատկերացուցածէդ ալ աւելի լաւը պիտի ըլլայ։
Եթէ պիտի փորձես, մինչեւ վերջ գնա։
Ուրիշ նմանատիպ զգացողութիւն չկայ։
Առանձին պիտի ըլլաս աստուածներուն հետ եւ գիշերները պիտի բոցավառին կրակով։
Կեանքը պիտի հասցնես կատարեալ ծիծաղի։
Եւ այս է ահա լաւագոյն պայքարը:
ԵԹԷ Կ’ՈՒԶԵՍ ԳՐՈՂ ԴԱՌՆԱԼ
Երբ ներսէդ պոռթկումը չկայ,
հակառակ ամէն ինչի
մի՛ ըներ:
Եթէ այդ մղումը չի գար
սրտէդ, մտքէդ, բերնէդ
եւ փորոտիքէդ
մի՛ ըներ:
եթէ ժամեր պիտ նստիս սպասելով
համակարգիչիդ դիմաց,
կուզիկդ տնկես գրաշարման մեքենային դէմ
բառեր փնտռելով
մի՛ ըներ:
Եթէ դրամի կամ հռչակի կը ձգտիս՝
մի՛ ըներ:
Եթէ կը գրես,
որպէսզի կիները անկողինդ հրաւիրես
մի՛ ըներ:
Եթէ պիտի նստիս հոն
ու գրես ու սրբես կրկին ու կրկին
մի՛ ըներ:
Եթէ գրելու միտքն անգամ քեզի համար դժուար կը թուի
մի՛ ըներ:
Եթէ ուրիշին նմանակելով պիտի փորձես գրել,
մոռցիր այդ մասին:
Եթէ պիտի սպասես որ ան ներսէդ դուրս գայ ցնցումով,
ուրեմն համբերութեամբ սպասէ:
Եթէ ներսէդ դուրս չի գար ցնցումով,
ուրիշ բան ըրէ:
Եթէ սկիզբը կնկանդ պիտի կարդաս,
կամ ընկերոջդ, կամ ընկերուհիիդ,
կամ ծնողքիդ, կամ այլոց
դեռ պատրաստ չես:
Մի՛ նմանակեր ուրիշ գրողները,
մի՛ նմանիր հազարաւոր մարդոց,
որոնք իրենք զիրենք գրող կ’անուանեն.
մի՛ ըլլար ձանձրալի, զզուելի ու
յաւակնոտ, մի՛ սպառիր անձնասիրութեամբ։
Աշխարհի գրադարանները
կը յօրանջեն
Քեզիպէսներուն պատճառով,
մի՛ աւելցներ անոնց վրայ,
մի՛ ըներ:
Եթէ այդ մղումը չգայ
ամբողջ հոգիէդ հրթիռի նման,
եթէ հանդարտ մնալը
քեզ չմղէ խենթութեան,
անձնասպանութեան եւ կամ ոճիրի
մի՛ ըներ:
Եթէ ներքին արեւդ
ներսդ չայրէ՝
մի՛ ըներ:
Երբ ճիշդ ժամանակը գայ
եւ դուն ընտրուած ըլլաս,
այդ ինքնովին պիտի ըլլայ
եւ պիտի շարունակուի ըլլալ,
մինչեւ որ մեռնիս եւ կամ ի՛նք մէջդ մեռնի։
Ուրիշ ձեւ չկայ,
եւ երբեք ալ չկար:
ԽՆԴԱՑՈՂ ՍԻՐՏԸ
Կեանքդ քո՛ւ կեանքդ է։
թոյլ մի տար, որ ենթարկուի
տամուկ համակերպումի.
արթուն եղի՛ր
ելքի ճամբաներ կան,
լոյս կայ տեղ մը,
թերեւս ոչ այնքան լուսաւոր, բայց՝
խաւարը կտրող:
Արթուն եղի՛ր
աստուածները առիթներ պիտի բանան դէմդ.
ճանչցիր զանոնք,
յափշտակէ:
Կեանքդ քո՛ւ կեանքդ է.
չես կրնար մահը խափանել, բայց
կրնաս կեանքի մէջ հարուածել մահուան,
եւ որքան յաճախ վարժուիս անոր,
այդքան լոյս պիտի տարածուի դէմդ
Կեանքդ քո՛ւ կեանքդ է։
Ճանչցիր զայն քանի քուկդ է:
Դուն սքանչելի ես
եւ աստուածները ցնծութեանդ կը սպասեն:
Անգլերէնէ թարգմանութիւն՝ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան