Չորեքշաբթի, 12 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի Միջազգային Գործակցութեան Խորհուրդին յարկէն ներս, Սուրիա եւ Չինաստան փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեցին՝ 21-րդ Դարուն Մետաքսի Ճամբուն եւ Ծովային Մետաքսի Ճամբուն Տնտեսական Գօտի կոչուած նախաձեռնութեան լոյսին տակ։ Սուրիական կողմէն յուշագիրը ստորագրեց միջազգային գործակցութեան խորհուրդի նախագահ Ֆատի խալիլ, իսկ չինական կողմէն՝ Դամասկոսի մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆինկ Պեաու։ Սոյն նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ եւ Չինաստանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու միջեւ գործակցութեան հորիզոնները պիտի ընդլայնին այլազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս ապրանքներու, դրամագլուխներու փոխանակումներ եւ այլն։ Յուշագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ բարեկամ երկիրներուն հետ ապագայ գործակցութեանց նպատականերու ճշդում եւ միջոցներու սերտողութիւն։