Պատշգամէն կ’երեւի մեր դրացիներուն պատուհանը, որուն ծայրը ծաղիկներու տեսակներ իրենց տեղը գտեր էին կողք-կողքի: Ամէն առիթի պատուհանը կը զարդարուէր լոյսերով եւ գեղեցիկ զարդարանքով։
Երկու չարաճճի մանուկներ իրարու ետեւէ կը վազէին օրն ի բուն, գիշեր-ցերեկ անդադար խաղի մէջ էին:
Ամէն առաւօտ, նոյն ժամուն, վարագոյրները կը բացուէին  եւ  տանտիկինը  ծաղիկները կը ջրէր։
Օր մը, սովորականէն դուրս, երբ առաւօտեան սուրճս կը խմէի պատշգամը, նկատեցի պատուհանին փակ ըլլալը. զարմացայ։ Ժամը ստուգեցի, պէտք էր վարագոյները բացուած  ըլլային: Ուզեցի  քիչ մը սպասել: «Կրնայ ըլլալ մոռցած է», խորհեցայ։
Երկար չկրցայ սպասել,  պէտք էր մեկնէի համալսարան, որովհետեւ ուշանալուս համար զիս ներող չկար, ոչ ալ համոզիչ պատճառ ունէի։
Գացի, բայց խելքս-միտքս այդ պատուհանին էր, ո՞ւր են այսօր…
Վերադարձիս տեսայ պատուհանը բաց, որոշ չափով հանգստացայ, չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ: Շարունակեցի օրս  սովորականին պէս՝ մտքէս հանելով պատուհանը։
Յաջորդ առտու  կրկին փակ էր,  այս անգամ վերադարձէս ետք ալ փակ մնաց: Փակ մնաց ե՛ւ յաջորդ օրը, ե՛ւ անոր յաջորդող օրերը… ու այդպէս մնաց, մէկ ամիս անց ծաղիկներն ալ չորցան. խնամող չկար։
Հարցումները ուղեղիս մէջ չէին դադրեր, այդ եռանդուն ընտանիքը արդեօ՞ք ճամբորդեց: Բայց ո՛չ. ես չարաճճիներուն հայրիկը ամէ՛ն օր կը տեսնեմ երբ գործի կը մեկնի, է՜հ,  ո՞ւր են հապա…
Հետաքրքրութիւնս հետզհետէ նուազեցաւ՝ դասերովս զբաղած ըլլալուս պատճառով. ուղղակի մոռցած էի պատուհանը, մինչեւ որ օր մը տանտիկինը դիմացս ելաւ ճամբան, բայց … դէմքը շատ փոխուած էր, բան չէր մնացած խնդումերես այն կնոջմէն, որ ծաղիկներուն խնամք կը տանէր:  Այնքան նիհարցած ու ծերացած էր,  որ  աւելի շատ կմախքի կը նմանէր, քան մարդկային էակի։ Բարեւեցինք զիրար, եւ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս հարցուցի իրեն.
-Ինչպէ՞ս էք, երկար ատենէ ի վեր չեմ տեսներ ձեզ, ամէն բան լա՞ւ է։
ժպիտը դէմքէն կորսուեցաւ, գլուխը կախեց ու ըսաւ. «Տունն ենք, ո՞ւր պիտի ըլլանք, պարզապէս տղոցս դասերը ծանրացան, չէ՞ որ առաջին դասարան եղան …» ու գնաց։
Անոր բացակայութիւնը շարունակուեցաւ: Ժամանակ մը ետք ըսին, որ  անձնասպան եղած է՝ ամուսինին հետ հարցեր ունենալուն պատճառով։ Մահացաւ, որովհետեւ հիւանդ էր…։
Բայց մէկը չըսաւ ա՛յն,  ինչ որ ես տեսայ անոր աչքերուն մէջ։ Մահացաւ, որովհետեւ իր անկումին մէջ  զինք լսող մը չունէր։
Այսպէս ենք մենք՝ մարդիկս. կը հիանանք արտաքին երեւոյթներով, մարդոց  արտաքին գեղեցկութեամբ,  կեցուածքներով, բայց երբ նոյն այդ մարդիկը դադրին իրենց ծաղիկները ջրելէ, չենք անդրադառնար, որ  ամէնէն ուրախ թուացող մարդիկն անգամ իրենց կեանքին մէջ հաւանաբար կը տառապին։
Քեսապ
Արփի Ինճէճիկեան