Համալսարանի սովորական օրերէն մէկն էր: Օր մը առաջ արդէն գծագրութեան ծրագիր մը յանձնած էինք, այնպէս որ հանգիստ էինք, պատրաստ՝ յաջորդ ծրագիրին:
Դասախօսներ յաճախ անակնկալներու դիմաց կը դնէին մեզ, որպէսզի յանպատրաստից, առանց նախապէս ծրագրած ըլլալու աշխատինք:
 
-Ի՞նչ կ’ըլլայ կը կարծէք առաջարկուած յաջորդ ծրագիրը:
-Յուսամ դիւրին բան մը ըլլայ:
-Արդեօք ինչպիսի՞ ներկերու կարիք պիտ ունենանք:
-Ես միայն իւղաներկ բերած եմ: Երանի ամէն տեսակները բերէի…:
Այսպիսի մտահոգութիւններու մասին կը զրուցէինք:
 
Վերջապէս դասախօսը հասաւ: Հաւաքուեցանք անոր շուրջ: Քար լռութիւն տիրեց: Որեւէ մէկը չէր ուզեր դասախօսին թելադրանքներէն, բացատրութիւններէն բան մը անուշադրութեան մատնել:
Ու ան այսպէս սկսաւ իր խօսքը.
 
-Այսօրուան մեր ծրագիրը տարբեր պիտի ըլլայ նախկիններէն: Իւրաքանչիւր չորս ուսանող խումբ մը պիտի կազմէ եւ իւրաքանչիւր խումբ պիտի աշխատի մէկ մարդու, մէկ հոգիի պէս, մէկ ոգիով: Իւրաքանչիւր խումբ խաւաքարտը պիտի բաժնէ 4 մասի եւ մեծցնելով պիտի ընդօրինակէ նշանաւոր գծագրութիւն մը՝ խումբին ներկայացուած գեղարուեստի դպրոցին յատուկ:
 
Ապա մեր անունները թղթիկներու վրայ արձանագրեց ու խառնելով կազմեց քառեակներ:
Բոլորս զարմացած էինք… Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք միասին աշխատիլ, հասկցուիլ, որպէսզի լաւ արդիւնք ձեռքբերէինք…: Մեր միակ լուծումը իրար ընդունիլն էր՝ տարբեր կարծիքներով, ճաշակով, սխալներով եւ…: Եթէ մէկը իր բաժինին մէջ սխալ գիծ մը գծէր, միւսը պէտք էր շարունակէր այդ գիծէն, որպէսզի գծագրութիւնը մէկ ոգի արտացոլացնէր:
 
Խումբս կը բաղկանար չորս ուսանողներէ, որոնք իրար չէին նմաներ ոչ մէկ բանով՝ ո՛չ ազգութեամբ, ո՛չ կրօնքով, ոչ ալ մտածելակերպով: Բարեբախտաբար, սակայն, խումբիս բոլոր անդամները միասնական աշխատանքի հասկացողութիւնը ունէին:
 
Աշխատանքի սկիզբէն հաւատացած էինք մեր կարողութիւններուն, ընտրեցինք յարմար գծագրութիւնը եւ անմիջապէս անցանք աշխատանքի: Իւրաքանչիւրը կը ջանար իր լաւագոյնը տալ, որովհետեւ խումբը մէկ նիշով պիտի գնահատուէր: Եթէ մէկուն բաժինին մէջ թերութիւն մը ըլլար, բոլորին գնահատանիշը պիտի ազդուէր:
Իւրաքանչիւրս իր ձեռնահեռաձայնի ականջակալը դրած իր նախասիրած երաժշտութիւնը ունկնդրելով սկսաւ աշխատանքի: Աշխատանքը լաւ կ’ընթանար: Մէկս միւսին պակասը ամբողջացնելով, զիրար քաջալերելով, գնահատելով, ոգեւորուած կ’աշխատէինք, մնացեալ խումբերուն աշխատանքներուն ալ յաճախ աչք մը նետելով:
Շատ հաճելի էր տեսնել գծագրութեան հանգրուանային ամբողջացումը:
 
-Ի՞նչ աղուոր բան մը պիտ ըլլայ…
-Տայ Աստուած ճշդուած ժամուն հասցնենք աւարտել,- կ’ըսէինք իրարու՝ ջանալով աշխատանքը աւարտին հասցնել:
 
Երկու օր պիտի աշխատէինք համալսարանի մեր սրահին մէջ:
Օրերը վայրկեաններու պէս սահեցան ու հասաւ յանձնումի ժամը: Այնքան լարուած էինք, որ կարծէք ճամբորդութեան մեր օդանաւի թռիչքէն ուշացած ըլլայինք:
 
Երաժշտութիւնը անջատեցինք, մեր կեդրոնացումն ու արագութիւնը կրկնապատկելով յաջողեցանք ամբողջացնել գծագրութիւնը: Տեսնէիք միայն, թէ այդ պահուն որքա՜ն ուրախ էինք:
 
Այս աշխատանքէն մեզի մնացածը ո՛չ գնահատանիշն էր, ո՛չ գծագրութիւնը,- որ յանձնեցինք եւ յոյս չունէինք կրկին տեսնել զանիկա,- ոչ ալ գովասանքի խօսքերը, այլ՝ հաւաքական աշխատանքին հաճելի փորձառութիւնը, որուն մասին յաճախ լսած էինք, սակայն չէինք համտեսած գործով:
Անի Պօղիկեան