«ԼՈՅՍԵՐ»
Քաղաքին մէջ «Լոյսերը» վառ են այսօր:
Քաղաքին մէջ, որ միշտ մութ է, այսօր «լոյսեր» վառեցին:
– Առէք,- ըսին,- ձեր երազած «լոյսերը» վառ
Վայելեցէ՛ք, ուրախացէ՛ք
Եւ մարդիկը քաղաքին
սպասեցին անձկութեամբ «լոյսերուն» ետ մարելուն:
ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ
Դարերն ի վար
Դարերն ի վեր
Սողացին վեր
բարձրացան վար
ուզեցին ելլել ձորերն ի վեր
ուզեցին իջնել լեռներն ի վար
ուզեցին յաղթել
յառաջ ընթանալ
ուզեցին ըլլալ
ԹԻՒ ՄԷԿ. ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ուզեցին: Եղան, լոկ իրենց համար,
բառբարեցին.- Ի՜նչ դիւրին է կեանքը եղեր:
Ու մոռցան կեանքին հակառակ կողմէն նայիլ:
ՈՒԶԱԾՍ
Ուզածս միայն մաքուր սէր մըն էր                             
գողտրիկ ու ծածուկ սէր մը անկասկած,
որուն ամէն առաւօտ
ես բարի լոյս մաղթէի…
Ուզածս միայն մօտ ընկեր մըն էր
ընկեր մը հլու եւ հաւատարիմ,
որ զիս ամէն իրիկուն
բարի գիշեր մը մաղթէր…
Վեհան Պարսումեան