Հայաստան կ’ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացին հետեւանքով դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ պիտի բացուի երկու երկիրներու միջեւ սահմանը: Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ 14 Յունուարին ծրագրուած առաջին հանդիպումէն առաջ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումներուն: Յունանեան ընդգծեց նաեւ, որ հայկական կողմին տպաւորությամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը բաժնեկցի առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը։ – Որո՞նք են այն հիմնական նպատակները, որոնց հայկական կողմը կը փափաքի հասնիլ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան շնորհիւ -Հայաստանի ակնկալիքները այդ երկխօսութենէն, ըստ էութեան, նոյնն են, ինչ որ եղած են 1990-ականներու սկիզբներէն ի վեր։ Մենք կ’ակնկալենք, որ գործընթացին հետեւանքով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը, որ Թուրքիոյ կողմէն միակողմանիօրէ փակուած էր 90-ականներուն սկիզբը, պիտի բացուի։ -Կան կարծիքներ, որ համաձայնելով Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն սկսելով՝ Հայաստան արդէն իսկ ընդունած է նախապայմանները, որոնք Թուրքիան միշտ յառաջացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ասիկա: -Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ առանց որեւէ նախապայմանի: Այս առումով եւս պէտք է փաստեմ, որ Հայաստանի մօտեցումը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած՝ նոյն դիրքորոշումը արտացոլուած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան 2021-2026_ ծրագիրին մէջ։ Ինչպէս արդէն նախապէս նշած ենք, միջազգային գործընկերներու հետ շփումներու ընթացքին մենք պարբերաբար ընդգծած ենք «առանց նախապայմաններու» սկզբունքի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Մեր տպաւորութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը բաժնեկցի առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը։ -14 Յունուարին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Ի՞նչ ձեւաչափով պիտի կատարուի հանդիպումը եւ ի՞նչ ակնկալիքներ ունի հայկական կողմը այս հանդիպումէն: -Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուսական կողմի հիւրընկալութեամբ։ Ըստ էութեան, այս առաջին հանդիպումը պիտի կրէ ճանաչողական բնոյթ։ Դժուար է ակնկալել, որ մէկ հանդիպումի հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ ունենալ շօշափելի արդիւնքներ, սակայն որուն համաձայն գործընթացին մեկնարկը պիտի տրուի։