Ընկերային ցանցերու յայտնաբերումը շատ մեծ առաւելութիւն մըն էր բոլորին համար։ Ան առիթ ընծայեց շարունակելու մեր կապերը օտար երկիրներ բնակող մեր սիրելիներուն հետ, ինչպէս նաեւ դուռ բացաւ նոր ծանօթութիւններու։ Հակառակ լեզուներու տարածման մէջ անոր ունեցած մեծ դերին, սակայն, համացանցը, ցաւօք, բացասական  ազդեցութիւն ունեցաւ հայերէնին վրայ՝ նոյնինքն հայերու անտարբերութեան հետեւանքով։
Այո՛, խօսքս լատինատառ հայերէն գրելու մասին է։ Այս հարցը շատ արծարծուելուն բերումով քարոզի նման կը հնչէ հաւանաբար։ Այդուհանդերձ, եկէ՛ք անգամ մըն ալ արծարծենք զայն ՔԱՐՈԶի շրջագիծէն դուրս։
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կը գրեն իրենց այբուբենով, արաբները՝ արաբերէն, ռուսերը՝ ռուսերէն, ինչո՞ւ ուրեմն հայերը չգրեն հայերէն, հայատառ։
Ոմանք կ’ըսեն, որ իրենց մատները չեն վարժուած հայերէն ստեղնաշարին, հետեւաբար բառ մը գրելը մէկ ժամ կը տեւէ։ Լաւ, ենթադրենք որ այդպէս է, արդեօք  լատինատառերը երբ առաջին անգամ սկսանք գործածել նոյն դժուարութեան չհանդիպեցա՞նք։ Այո, հանդիպեցանք, բայց քանի որ շարունակեցինք գործածել եւ սկսանք փորձել աւելի արագ գրել, վերջ ի վերջոյ հասանք այն մակարդակին, որ նոյնիսկ փակ աչքերով կրնանք նախադասութիւններ գրել։ Ճիշդ նոյն ձեւով ալ պիտի ըլլայ հայերէն տառերու պարագային, ինչքան փորձենք, այնքան շուտ պիտի կրնանք վարժութիւն դարձնել հայատառ գրելը։
Մեծամասնութիւն մը կ’ըսէ, թէ կը վախնայ եւ ամօթ կը զգայ երբ ուղղագրական սխալներով կը գրէ։ Այս պատճառը ա՛լ աւելի վտանգաւոր է։ Երեւակայեցէ՛ք առանց ուղղագրութեան լեզու մը, որուն իւրաքանչիւր բանն ու բառը ձեր ուզած ձեւով կրնաք գրել… արդիւնքը անհասկնալի գրութիւն մը պիտի ըլլայ անկասկած։ Վստահ եղէ՛ք, որ բոլորս  ալ անթերի ուղղագրութեան չենք տիրապետեր,  հայերէնի ուղղագրութիւնը բարդ է։
Ամօթ չէ ուղղագրական սխալներ ունենալը, սխալելով կը սորվինք եւ հետագային կը սրբագրենք մեր սխալները։ Ամօթ է երբ կը մոռնանք, որ  5-րդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ջանք չխնայեց ստեղծելու համար մեր այբուբենը։ Ամօթ է անտեսել  հազարամեակներու կեանք ունեցող մեր գեղեցիկ տառերը, որոնց նմանը չկայ ու պիտի չըլլայ։ Այն այբուբենը,  որ իւրայատուկ է իր կառոյցով եւ ուղղագրութեամբ, որ ՄԵՐՆ Է, ՄԻԱՅՆ ՄԵՐԸ։
Եթէ մենք չգրենք Մեսրոպեան տառերով, օտա՞րը պիտի գործածէ զանոնք… թէ մենք օտարի՛նը պիտի իւրացնենք։ Տէր կանգնինք մեր ոսկեղնիկին։
Արփի Գէորգեան