Ազգիս ահեղօրէն տրտում մատեանէն
Մագաղաթեայ էջերն պատառ առ պատառ
Ակռաներուս մէջ եմ սեղմած ահա,
Եւ շրթներս ի վար հոսող
Սեւ ու կարմիր թանաքի դառնութեամբ
Ես կ’աւետեմ գալուստը սպասեալին…
Առասպել չէր ան
Այլ կեանք հրաշունչ ու բոցավառ,
Գաղափար՝ շքեղօրէն մարմնացած,
Կանչն անոր՝ զերթ շեփոր յարութեան
Պատռեց երկինք,
Պատռեց ազգիս սիրտը՝
Ստրկութեամբ խառանուած
Եւ Տիկինն աւերակներուն՝
Ցասումով Վահագնի
Դաշոյնն ի ձեռին,
Բահն ի ձեռին,
Գրիչն ի ձեռին,
Իջաւ արեան դաշտ
Ուր թափած արիւնն այս անգամ
Արժանաբար դրօշացաւ՝
Կապոյտն ի վեր եթերին
Որուն տակ բռնկող դաշտն Արարատի
Տուաւ իր ցոլքը ոսկի։
Ու խնճոյքին մէջ եռագոյն՝
Բարձրացաւ Ան՝
Զարմը Հայկին Տիտանեան
Ոչ պատուանդաններն մարմարեայ
Որպէս կուռք,
Այլ բարձրացաւ ազատն ի վեր
Ազգն ամբողջ ձեռքին՝
Լայնալիճ աղեղ
Ու երեք դաշտերն յաղթանակի՝
Եռաթեւ նետ անպարտելի,
Արձակեց Նահապետը նոր
Ու սուրաց
Ու շառաչեց
Բիւր բիւրաւոր անմեղներու աղաղակով,
Գերեվարուած աստուածներու հառաչանքով,
Աւեր վանքերու լուռ հեծծանքով,
Սուրաց
Շառաչեց
Ու մխրճուեցաւ սրտի՛ն մէջ
Թշնամիին դարաւոր…
Թշնամիին, որ ափսո՜ս
Տիտան մը չէր
Վայել տիտանի ախոյեան,
Այլ շնագայլ մ’էր քծնող,
Որ կաղկանձով, պոչը ոտքին՝
Գնաց լիզել մուճակներն կայսրին կարմիր…
Մեր դարէն ոսկեայ
Մեսրոպատառ ո՛չ մէկ բառ
Ձեւերուն մէջ Աստուածատուր,
Ամփոփէր փառքին այդ պահուն,
Որուն առաջ,
Պապանձած գուսաններուն փոխան,
Ղօղանջեցին զանգեր բիւր-բիւրաւոր
Ղօղանջեցին անլռելի դար մ’ամբողջ,
Հարիւր տարի եւ աւելի
Մերթ շշուկով,
Մերթ ահարկու աղաղակով,
Թէ պահէն այն յարութեան,
Ազգն ամբողջ, Արամեան է կոչեցեալ։
Յուշիկ Ղազարեան