ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ 13 Յունուարին երեկոյեան այս տարուան առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Դաշնակցութեան Երեւանի կառոյցի խումբ մը ընկերներու հետ։ «Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուցած եմ առկայ քաղաքական իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրները եւ Դիմադրութեան շարժումի աշխատանքներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ պատասխանած եմ ընկերներուս հարցումներուն եւ լսած եմ անոնց առաջարկները», ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան։