14 Յունուար 2021_ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները Ատրպէյճանի քաղաքականութեան շուրջ յայտարարութիւն տարածած են. “9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք Ատրպէյճան Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ պարբերաբար լարուած իրավիճակ ստեղծած է՝ հիմնականօրէն թիրախաւորելով հայկական երկու հանրապետութիւններուն խաղաղ բնակչութիւնը: Վերջին օրերուն աւելի յաճախակի դարձած այդօրինակ սադրանքները կը վկայեն, որ Ատրպէյճան չէ հրաժարած տասնամեակներ շարունակ վարած հայատեաց քաղաքականութենէն, որ կասկածի տակ կը դնէ խաղաղութեան օրակարգերու շուրջ այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը՝ միջազգային կառոյցներու համար երբեմն արծարծուող յայտարարութիւններու անկեղծութիւնը: 2020_ի աշնան Արցախի ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ ու միջազգային ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ սանձազերծուած եւ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներով ուղեկցուած ատրպէյճանական յարձակումը, հակառակ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն մէկուն՝ Ռուսիոյ խաղաղարար ջանքերուն, կը շարունակուի այլ ձեւերով, եւ այդ ամէնը պարբերաբար կը բորբոքուի Ատրպէյճանի ղեկավարին կողմէն մշտապէս տրուած սպառնալիքներով, յատկապէս կասկածի տակ դնելով ռուս խաղաղապահներու կողմէն վերահսկուող միջանցքին անվտանգութիւնը: ՀՀ ղեկավարութեան, միջազգային կառոյցներու ու ազդեցիկ երկիրներու կողմէն այդ ամէնուն անտեսումն ու համարժէք արձագանքներուն բացակայութիւնը սխալ ազդանշան դարձած են դրացի երկրի ղեկավարին համար, որ, մոռացութեան տալով եւրոպական հեղինակաւոր կառոյցներուն անդամակցութեամբ իր երկրի կողմէն ստանձնած պարտաւորութիւնները, կը հաւակնի ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի երեք մշտական անդամ երկիրներէն՝ Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Ֆրանսայէն կազմուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութեան սահմանափակումին: Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը 1992_ին յանձն առած եւ տեւական տարածաշրջանային կայունութեան իր նպաստը բերած վերոնշեալ հեղինակաւոր կառոյցին նկատմամբ նմանօրինակ քամահրական վերաբերմունքը կը համարենք անթոյլատրելի ու կը գնահատենք որպէս բացայայտ արհամարհանք միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերու: Դատապարտելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նման կեցուածքը՝ տարածաշրջանի մէջ հասունացող նոր լարուածութիւնը կանխելու նպատակով կոչ կ’ուղղենք Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն գործնական քայլեր ձեռնարկելու Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան չէզոքացման եւ այդ երկրի պատասխանատուներուն միջազգային իրաւունքի դաշտ վերադարձնելու համար:

«Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» «Միասնական Հայրենիք» «Արդարութիւն» «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» Ստեփանակերտ 14. 01.2022»