Թուրքիա Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանին նեցուկ կանգնելով ու իր զինուորական ներկայութիւնը հաստատելով Ատրպէյճանի մէջ, աւելի ուշ՝ 3+3 ձեւաչափով Արցախի հարցին լուծման մէջ եւս քաղաքական իր դերակատարութիւնը ամրագրելով, իր ազդեցութեան գօտին կը փորձէ հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ռուս խաղաղապահներուն  ներկայութիւնը Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին որոշ չափով սանձեց անոր ախորժակները:
Միւս կողմէ, Ղազախստանի քաղաքական լարուածութեան այս օրերուն, Թուրքիա պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ պատրաստ է օժանդակելու իշխանութիւններուն՝ հարցերու բարւոք լուծման ի խնդիր։  Այնտեղ ալ, սակայն, ռուսական վահանին դէմ յանդիման գտաւ ինքզինք:
Թուրքիա, ՆԱԹՕ-ի ծածկոյթով, թէ՛ համաթուրանական իր ծրագիրներուն համար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ճամբով լայն դուռ կը փորձէ բանալ՝ պատեհ առիթին հասնելու թրքացեղ բնակչութեամբ երկիրներ՝ Ղազախստան, Թուրքմենիստան, Խրխրզիստան եւ Տաճկիստան, թէ՛ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ, ռուսական ներկայութեան հաշուոյն, Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջան իր թափանցման ուղին կը փորձէ գտնել։
Ինչո՞ւ Ղազախստանի մէջ սկսաւ զարգանալ գունաւոր յեղափոխութեան նոր երանգ մը, օգտագործելով կազի գիներու բարձրացման եւ կենցաղային այլ հարցերու առնչուող բնակչութեան դժգոհութիւնը:
Ղազախստանի աշխարհաքաղաքական դիրքի նշանակութիւնը կը կայանայ երկու հիմնական տուեալներու մէջ։ Նախ այն իրողութեան, որ այս երկիրը ունի հանքային նկատառելի հարստութիւն՝ ոսկի, զինկ, իւրանիոմ, քրոմ, երկաթ, ադամանդ եւ այլն։ Երկրորդ. ան մէկ կողմէ Չինաստանի, միւս կողմէ ալ Կեդրոնական Ասիոյ իսլամական երկիրներու սահմանակից է։
Եթէ արեւմտեան երկիրներ, թափանցելով Ղազախստան, ռուսական ազդեցութեան գօտին կը փորձեն նեղցնել, Թուրքիան Ղազախստանի վերոյիշեալ առաւելութիւններուն համար կը սրէ իր ախորժակը՝ ստեղծելու համաթուրանական միութիւն մը, որ կը հասնի մինչեւ Չինաստանի երեք կիրճերու ամբարտակ։
Այլ առումով, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ եթէ Թուրքիա յաջողի Զանգեզուրի միջանցքի բացումը պարտադրել Հայաստանին, պիտի կարենայ ազատ եւ առանց որեւէ երկրի կողմէ վերահսկողութեան ենթակայ ըլլալու հասնիլ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա եւ տնտեսական առեւտուրին կողքին նոյնիսկ զէնք ու զինամթերք փոխադրել այդ միջանցքէն։
Թուրքիոյ այս նկրտումները յառաջիկայ տարիներուն  պիտի շրջանցեն Կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջաններուն մէջ թէ՛ արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ Իրանի շահերը, եթէ այս երեք կողմերը լուր մնան Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն դիմաց՝ իրենց ժամանակաւոր շահերը պաշտպանելու արդարացումով։
Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն, հաւանաբար արեւմտեան կողմերուն իսկ թոյլտուութեամբ, պիտի սկսի հրարել կրօնական, ցեղային կիրքեր,- այնպէս ինչպէս ըրաւ Սուրիոյ մէջ եւ բռնագրաւեց սուրիական տարածքներ,- այս անգամ թափանցելու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ եւ աստիճանաբար իր զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութիւնը բանեցնելու։
Միւս կողմէ Ատրպէյճան, այս օրերուն, առիթը օգտագործելով պիտի փորձէ ամէն գնով արցախեան հարցը փակուած համարել եւ անտեսել ԵԱՀԿ Մինսքի ՄԱԿ-ի կողմէ օրինականացած դերակատարութիւնը։ Ատրպէյճանի նախագահը այս պահանջը յստակօրէն  ներկայացուց լրատուամիջոցներու հետ Հինգշաբթի 13 Յունուարի իր հանդիպումին ընթացքին, կրկին շեշտելով Զանգեզուրի միջանցքը գործարկելու հրամայականը։
Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ շատ բան կրնայ կորսնցնել, եթէ ընդառաջէ Զանգեզուրի միջանցք հաստատելու եւ արցախեան հարցը փակուած համարելու Թուրքիոյ նախապայմաններուն, եւ կորսնցնէ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիան սանձող գործօն ըլլալու իր առաւելութիւնը։
Դիւանագիտական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ կարգաւորուելիք յարաբերութիւններ են, երրորդ երկիր մը՝ այս պարագային Ատրպէյճան, առնչութիւն չունի եւ պէտք չէ թոյլատրել որ ունենայ այդ կարգաւորման հետ։