Հայոց աւանդական կենցաղին մէջ Ամանորը կը համընկէր Սուրբ Ծնունդի պահքին հետ: Այդ իսկ պատճառով ամանորեան տօնական սեղանը կը տարբերէր մեր այսօրուան սեղանէն: Աւանդական Նոր Տարին ուտիս օր չէր, այլ՝ պասի օր: Որքան ալ, որ առատ ըլլար սեղանը, մսեղէն ճաշատեսակները բացառուած էին: Նախընտրութիւնը կը տրուէր հատիկեղէնին՝ ոսպ, լուբիա, ձաւարով եւ բրինձով լիցք, ձաւարով եւ սիսեռի խառնուրդով գնդիկներ, քաղցրաւենիքներ: Հատիկեղէնի կիրառումը պատահական չէ: Հատիկը տարբեր մշակոյթներու մէջ եւս կը խորհրդանշէ կեանքն ու պտղաբերութիւնը, մահն ու վերածնունդը:
Առատ էին պտուղները՝ որպէս պտղաբերութեան եւ արգասաւորութեան խորհրդանիշ: Որոշ շրջաններու մէջ, քաղցրաւենիքի հիւրասիրութիւնը կը դրուէր առանձին՝ կլոր պղինձէ սեղանի մը վրայ, որ կը կոչուէր «պրկիշ»։
Նոր Տարուան ամենակարեւոր ուտեստն էր տարեհացը, որ նաեւ խորհրդանշական հիմքեր ունէր: Տարեհացի մէջ կը դրուէր «դովլաթը»՝ գուշակութեան դրամը: Տարեհացը կը զարդարուէր տարբեր խորհրդանշական պատկերներով եւ կը բաժնուէր ընտանիքի անդամներու թիւին համաձայն։ Ան, որ ընտրէր «դովլաթը», պիտի ունենար յաջողակ տարի մը:
Նոր Տարին հարուստ էր գուշակութիւններով, մարդիկ կը ցանկային գուշակել թէ ինչպիսի՛ տարի մը պիտի ըլլայ Նոր Տարին իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն համար:
Ամանորի տօնածիսական համալիրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէին ասիլիկ-վասիլիկները: Անոնք մարդակերպ փոքրիկ գաթաներ էին մարդու, կենդանիի կամ առարկայի տեսքով: Վասիլիկները թոնիրի մէջ կը թխէին եւ ըստ անոնց ուռչելու աստիճանին, կը գուշակէին թէ ի՛նչ պիտի ըլլար յաջորդ տարուան ընթացքին։ Օրինակ. տան երիտասարդ հարսին կերպարանքով վասլիկ կը պատրաստէին, եթէ փքուէր՝ կը հաւատային, որ ան երեխայ պիտի ծնի: Այսպէս հայ աւանդապաշտ ընտանիքները տարուան առաջին օրը կը պատրաստէին առատ սեղան՝ տարուան ընթացքին եւս այդպէս սեղաններ ունենալու ակնկալիքով:
Ստորեւ պիտի ներկայացնենք հայկական, իտալական եւ գերմանական Նոր Տարուան աւանդական քաղցրաւենիներ, որոնց կողքին անպայման պատրաստենք մեր հայկական անուշապուրը:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան