ՍԼԱՔ
Տօնական օրերը արդէն մեր ետին են. 2022-ի բացումէն ի վեր, աշխարհի տարածքին, ու մասնաւորապէս մեր հայրենիքը՝ Հայաստան-Արցախը շահագրգռող գօտիներու մէջ տեղի ունեցան եւ կը շարունակուին այնպիսի իրադարձութիւններ, որոնք կարգ մը մեկնաբաններու կողմէ կը դիտուին (իբրեւ թէ) «աշխարհը դէպի նոր համակարգ կ’ուղղուի» բնորոշումով: Կարծէք թէ աշխարհը որեւէ օր, որեւէ շաբաթ կամ ամիս-տարի դադրած ըլլար «նոր համակարգ»երու որոնումէ, այդ նպատակով՝ մահասփիւռ եւ աւերիչ խաղերէ:
Տուեալ պատկերին դիմաց, բնական էր, որ Ղազախտսանի իրադարձութիւններն ու մասնաւորաբար ՀԱՊԿ-ի որոշումով կեդրոնասիական այդ երկիրը խաղաղարար ուժ ղրկելու քայլը լայն պիտի բանար հայրենի (եւ ոչ միայն հայրենի) մեկնաբաններուն ծորակները, մանաւանդ, որ ՀԱՊԿ-ի այժմու նախագահը՝ Հայաստան ալ խորհրդանշական զօրամասով մը մասնակից եղաւ խաղաղարար նախաձեռնութեան. ոմանք ճիշդ նկատեցին առնուած քայլը, ուրիշներ հրապարակ եկան «Հայաստանը պէտք է ՀԱՊԿ-էն քաշուի»ի «հանճարաբանութիւն»ներով, իսկ երրորդ խմբաւորումի մը ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն, որ հայկական ուժերու մասնակցութիւնը իրողապէս կախեալ չէր Երեւանի իշխանաւորներուն կամքէն ու տրամաբանութենէն (ինչպէս որ անոնց հակակշիռէն դուրս կը մնայ Հայաստանին առնչուող գրեթէ ամէն զարգացում):
Եւ… ի՜նչ զուգադիպութիւն: Քանի մը օրէն, 14 Յունուարին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները պաշտօնապէս բանակցութեան պիտի նստին՝ «գործակցական էջ բանալու» յաւակնութիւններով:
* * *
Այս ենթապատկերը իր անխուսափելի տեղն ու դերը ունեցաւ այն զրոյցին մէջ, որ ունեցայ տօնական օրերու աւարտին, սրտամօտ բարեկամի մը հետ, բնականաբար՝ հեռաձայնով (համաճարակին նոր ալիքը դարձեալ բանտարկութեան դատապարտած է մարդկութիւնը): Հայաստանի յետպատերազմեան իրադարձութեանց շուրջ բաւական թափառելէ, ի միջի այլոց՝ Ղազախստանի, Ուքրանիոյ եւ այլ «տաք գօտիներ»ու մասին վեր-վար ընելէ ետք, հասանք Հայաստան-Թուրքիա առաջադրուած բանակցութիւններուն (առանց անտեսելու, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ, մասնաւորաբար՝ համաթուրանականութեան ծրագիրներուն մէջ Թուրքիա-Ղազախստան լծակցութեան ենթապատկերը նկատի ունենալով, հանդիպումը կրնայ առնուազն յետաձգուիլ): Հոս ալ վեր-վար ըրինք բանակցող ներկայացուցիչներու արժանիքներուն եւ սեղանին դրուելիք հարցերուն մասին: Յանկարծ (ի՜նչ մեղքս պահեմ), սատանան փորս մտաւ եւ չարացայ, զրոյցին տուի տարբեր ընթացք:
-Իմացա՞ր,- հարցուցի լրջութիւն բուրող ձայնով մը,- Հայաստանի վարչապետը Թուրքիան, հայութիւնն ու ամբողջ աշխարհը ափ ի բերան պիտի ձգէ եղեր բանակցութեան տարուելիք իր թղթածրարով:
-Ի՜նչ կ’ըսես,- հարցուց՝ թակարդս ինկածի եղանակաւորումով մը,- այդ ի՞նչ թղթածրար է եղեր…
-Հա՛, հա՛,- պնդեցի նոյն կեղծ լրջութեամբ:- Ռ. Ռուբինեանի տանելիք թղթածրարին մէջ բաւական ուժեղ պահանջներ ցանկագրուած են եղեր. արտաքին գործոց նախարարութենէն ասանկ լուրեր սպրդեր են եղեր…
-Ի՞նչ կ’ըսուի,- հարցուց աճող հետաքրքրութեամբ:
Փաշինեան շարք մը պայմաններ պիտի դնէ եղեր բանակցութեանց յառաջ տարման համար…
…Բայց Երեւանէն կրկին ու կրկին յայտարարեցին, որ Հայաստան նախապայմաններ չունի բանակցութեանց եւ գործակցութեան դարաշրջանի բացման համար,- յիշեցուց՝ խօսքս ընդհատելով:
-Նայէ՛, դուն լաւ հայերէն գիտես: Ըսին, որ նախապայմա՛ն չունին, սակայն չըսին, որ պայման չկայ:
-Կատա՞կ կ’ընես… Պայմանին եւ նախապայմանին միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ:
-Շա՛տ մեծ տարբերութիւն, այնքան մեծ՝ որքան են Փաշինեանի «հմուտ» բառախաղերը,- բացատրեցի, քանի մը օրինակ ալ տուի «վարպետ»ին մոլորեցնող խօսքերէն, յետոյ շարունակեցի,- Փաշինեանը հասկցեր է իմաստը բոլոր այն պայմաններուն, որոնք Թուրքիա (եւ Ատրպէյճան) յառաջ կը քաշեն երկար ատենէ ի վեր, սակայն հիմա «տաք կրակի վրայ» դրած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Հասկցեր է, թէ ի՞նչ կը նշանակեն Ցեղասպանութեան մոռացումը, հայկական Սփիւռքէն հեռու մնալու կոչերը, Սիւնիքին ուղղուած սպառնալիքները, Ատրպէյճանի նախընտրած քարտէզներով եւ «Ճի.Փի.Էս.»-երով սահմանազատում-սահմանագծումը եւ ասանկ բաներ: Ուրեմն, մտածեր է, որ ես ալ պայմաններով երթամ սա բանակցութիւններուն, տեսնենք վերջը ի՞նչ կ’ըլլայ:
-Է՞… Ի՞նչ են եղեր իր պայմանները,- հարցուց՝ արդէն թերահաւատութիւն քողարկող ձայնով մը:
-Լա՛ւ բաներ. կ’ըսուի, որ պայմանները օղակ-օղակ պիտի բացուին եղեր: Ցանկը երկար է, սակայն յիշեմ քանի մը հատը: Պիտի պահանջէ եղեր, որ պատերազմական գերիները անմիջապէս, առանց ձգձգումի եւ սակարկութիւններուն Հայաստան վերադարձուին, խոստացեր է զանոնք դատական հետապնդումէ զերծ պահել: Պահանջեր է, որ զոհերուն աճիւններուն որոնումը (հա՛, աճի՛ւն, խեղճերը արդէն աճիւն դարձան) արագացուի եւ բոլոր նահատակները ըստ արժանւոյն յուղարկաւորուին, իրենց պատուանդանը գտնեն:
-Է՞… Ուրի՞շ…
-Պահանջ պիտի դնէ եղեր, որ Արցախէն գրաւեալ բոլոր հողերը անյապաղ վերադարձուին, չմոռցուին Գետաշէնն ու Շահումեանը… Պահանջ պիտի դնէ եղեր, որ մշակութային կոթողներու փճացումը դադրի, արձանագրուած աւերներուն եւ նիւթական վնասներուն համար հատուցում կատարուի, բոլոր գաղթականները ազատօրէն իրենց տուները վերադառնան եւ կորուստներուն համար փոխհատուցում ստանան Ատրպէյճանէն…
Ի՜նչ լաւ… ի՜նչ լաւ: Կարծես թէ խելքը գլուխը գալու սկսեր է,- ուրախացաւ քիչ մը:
Հարցը հոս չի վերջանար: Ցանկին վրայ են շատ ու շատ պայմաններ: Օրինակ, պահանջ պիտի դնէ եղեր, որ այլեւս Զանգեզուրի միջանցքի մասին չմտածեն, այլ մտածեն Նախիջեւանն ալ վերադարձնելու, անոր երբեմնի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը յարգելու մասին, կատարուին նիւթական հատուցումներ, օրինակ՝ խաչքարերու քանդումին, այլ հետքերու ոչնչացման դիմաց:
Պրաւօ՛, Փաշինեան,- քաջալերուեցաւ:
Սպասէ՜… Շատ արագ եւ քիչով կը խանդավառուի՜ս,- բացատրեցի: -Ասոնք՝ Ատրպէյճանի վերաբերող բաժինն են, այսինքն՝ Ստալինի կերած ապուրին հետքերուն մաքրագործումը: Թուրքիայէն պահանջներու պայմանը նոյնքան եւ աւելի՛ հետաքրքրական պիտի ըլլան եղեր:
-Հա՞… Ըսէ՛ տեսնենք:
-Ռուբինեանի բերնով եւ Սերտար Քըլըչի միջոցով պատգամ մը պիտի փոխանցուի եղեր ուղղակի Էրտողանին: Պահանջ պիտի դրուի, որ պատմական Հայաստանի հողերուն հայութեան վերադարձին համար «ճամբու քարտէզ» մը պատրաստուի եւ իրականացման ճամբու մէջ դրուի քանի մը ամիսէն, անմիջականօրէն հիմք ընդունելով Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան սահմաններուն պայմանները: Չէ՞ որ Միացեալ Նահանգներ ալ մաս կը կազմէ Մինսքի խումբին…: Թուրքիա ո՛չ միայն ճանչնայ ցեղասպան պետութիւն մը, անժամանցելի Ցեղասպանութիւնը գործողներուն ժառանգորդը ըլլալը, այլ նաեւ ընդունի նիւթական եւ այլ արդար հատուցումներ կատարել Հայաստանի ու հայութեան, Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդներուն: Հրաժարի Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններու ձգելու իր «գիւտ»էն, դադրեցնէ այս «տեսութեան» պաշտպանութիւնը ընող հայանուն վարձկաններ Հայաստան գործուղղելէ:
-Ուրի՞շ…,- հարցուց՝ թերահաւատութիւնը քիչ մը խորացնելով:
Կարեւոր պայմաններէն մէկն ալ այն պիտի ըլլայ եղեր, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այսուհետեւ չմտածեն հայութեան ու Հայաստանի, ամբողջական Հայաստանի դէմ որեւէ թշնամական արարք կամ ծրագիր հետապնդելէ, այլ ի՛սկապէս բանան բարի դրացնութեան, գործակցութեան եւ բարեկամութեան էջը, այնպէս՝ ինչպէս այլ դարաւոր թշնամիներ այսօր մէկդի դրած են իրենց վանողականութիւնները (չեն մոռցած, այլ ընդունած են անոնց վրայ «չկախուիլ»): Իշտէ ասանկ բաներ, պայմաննե՛ր…
-Այս ըսածներդ շատ լաւ բաներ են, սակայն… խելքս չի կտրեր: Ան այս տեսակ բաներու մարդը չէ դժբախտաբար,- եզրակացուց խօսակիցս (անկեղծօրէն ուրիշ պատկեր գործածեց, պատկեր մը, որուն մէջ ճանճ մը դերակատար է, սակայն պատշաճ չեմ նկատեր իր բառերը վերարտադրել հոս):
* * *
Մեր զրոյցը շարունակուեցաւ առողջութեան եւ լաւատեսութեան յոյսերով, մաղթանքներով:
Ս. Մահսերէճեան