Հերոսները միայն անոնք չեն,  որոնք պատերազմի դաշտին վրայ իրենց կեանքը կը զոհեն, այլ նաեւ անոնք են,  որոնք իրենց գիտակցական կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրեն ազգի զաւակներուն, իրենց անձնական հաճոյքին կը վերածեն ժողովուրդի ծառայութիւնն ու նուիրումը եւ հայրենիքի վերելքին կը ձօնեն իրենց առօրեան:
Բազմաթիւ են անոնց օրինակները հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:  Մեր կեանքի այլազան մարզերու մէջ կարելի է հանդիպիլ նմանօրինակ տիպարներու: Այդ բացառիկներէն մէկն ալ՝ ՀՕՄ-ուհիներու փաղանգին պատկանող, նուիրեալներու  հարազատ ժառանգորդ, Սօսէ Մայրիկի աւանդը շարունակող  եզակի երեւոյթներէն, արդարացիօրէն յիշատակութեան արժանի, ընկերուհի Վանուհի Իսաջանեանը՝ Վանիկն էր:
Անկրկնելի երեւոյթ մը  հայ կեանքէն ներս՝  իր  խանդավառութեամբ եւ  գործին հանդէպ ունեցած հաւատքով, անձնուրաց եւ անխոնջ նուիրումով, ջերմութեամբ, մտերմութեամբ եւ յատկապէս վարակիչ աշխուժութեամբ:
Շաբաթներ առաջ անգութ հիւանդութիւնը կանգնեցուց անոր սիրով զեղուն սրտին զարկերը:
Սիրտը, որ կը տրոփէր հայրենիքին համար, կը փափախէր անփոխարինելի Արցախին համար, իր ծննդավայր Հալէպի ընկերուհիներուն համար, իր ապրած ու սիրած քանատահայութեան համար եւ այն սիրտը, որ կը փափախէր հայրենի իւրաքանչիւր երեխայի սրտի զարկին հետ՝ դադրեցաւ …  Հիւանդութիւնը վերջ տուաւ կեանքով լեցուն, աշխատանքով զեղուն  մեր ընկերուհիին երկրային կեանքին:
Մահուան գուժը վերականգնեց Վանիկին  հետ ունեցած իմ բոլոր յիշատակները: Նկարները դարաններէն դուրս եկան եւ զանոնք մէկիկ-մէկիկ թերթատելով սկսայ վերապրիլ անոր հետ ունեցած տաքուկ պահերս:
-Հէլլօօօ՜ … հնչեց Վանիկի եղանակաւոր եւ հնչեղ ձայնը:
-Լինտան է, Վանի՛կ:
-Լինտա՞ն:
-Այո՛, Գանտիլեանը:
-Հա՜ ճանիկ, ինչպէ՞ս ես…
Վերջին հեռաձայնային խօսակցութեան ազդեցութեան տակ եմ տակաւին, ձայնին հնչեղութիւնը կը յամենայ ականջիս մէջ…
Սիրելի՛ ընկերուհի, անգամ մը եւս կ’ուզեմ խօսիլ քեզի հետ, թէեւ միակողմանի, բայց ըսելու այս բոլորը թէեւ ուշացումով. կարելի չէ լուռ անցնիլ… կը յուսամ, որ անուշ յիշատակները եւ անկեղծութեամբ ըսուած այս տողերը  որպէս խունկ եւ ծունկ մը աղօթք  հանգչեցնեն ՀՕՄ-ուհիներու հոյլին միացած հոգիդ անդէական աշխարհին մէջ:
 Սիրելի՛ Վանիկ, մանկութեան ընկերուհիներ չէինք, ինծի նախորդող սերունդէն էիր, թէեւ երկուքս ալ հալէպցի էինք, բայց երբեք իրար չէինք հանդիպած Հալէպ ապրած շրջանիդ: Շատ բան  լսած էի քու մասիդ, քու ծաւալած գործունէութեանդ մասին, քու կեանքէդ եկած պատմութիւններուն, որոնք քեզ դարձուցած էին հետաքրքրական անձնաւորութիւն մը: Անձնաւորութիւն մը, որուն  անպայման կ’ուզէի հանդիպիլ ու  ծանօթանալ:
ՀՕՄ-ը եղաւ մեր ծանօթութեան կամուրջը: Առաջին անգամ քեզի հանդիպեցայ Հալէպ՝ Ճեմարանի յիսնամեակի տօնակատարութեան առիթով, երբ շրջանաւարտներու հոծ բազմութեան մէջէն եւ բոլորին կողմէ դո՛ւն  խօսք ուղղեցիր ներկաներուն: Բեմը ամբողջութեամբ կը փայլէր քու անմոռանալի ժպիտովդ:  Տակաւին չեմ մոռնար դէմքէդ ճառագայթող ժպիտն ու կարօտի եւ ուրախութեան փայլատակումը, քեզի յատուկ  անկեղծութեամբ ըսուած խօսքերը… Այդ էր մեր առաջին հանդիպումը եւ իմ առաջին տպաւորութիւնը՝ «փայլուն աստղ»: Որքան կարօտ ունէինք աստղերու մեր գաղութին մէջ, ուր մենք լուռ ու մունջ կ’աշխատէինք, եւ կը փորձէինք մեր «փայլքը»  անշքացնել: Տարբեր էր քու մտածելակերպդ, քու անհատնում եռանդդ, լաւատեսութիւնդ, անչափելի գործնականութիւնդ:
Մեր երկրորդ հանդիպումը հայրենի հողին վրայ էր. այդ որքան սէր, կարօտ կուտակուած էր մեր հոգիներուն մէջ: Արցախի կռիւներու թէժ ժամանակաշրջանն էր, ֆետայիներ ամէն կողմէ կը հասնէին Արցախ: Մենք մեր կարդացած գիրքերուն օրերը կ’ապրէինք, մահու կենաց օրեր էին, անյուսութեան եւ փայլուն ապագայի հեռանկարներ միաժամանակ… Հայաստան նոր անկախացած էր:
1992-ին, ՀՕՄ-ի Համահայկական 64-րդ պատգամաւորական ժողովին մասնակցելու համար, աշխարհի զանազան երկիրներէ հաւաքուած ՀՕՄ-ուհիներ  նորանկախ հայրենիքի, Արցախեան պատերազմի եւ երկրաշարժի աղէտի հետեւանքներէն մեկնած յառաջիկայ երեք տարիներու համար պիտի մշակէին նոր ծրագիրներ եւ որդեգրէին նոր գործելաձեւ՝ յաղթահարելու բոլոր մարտահրաւէրները, եւ անշուշտ պիտի ընտրուէր նոր Կեդրոնական Վարչութիւն։
Ապագան որքան ալ որ  խոստմնալից էր, բայց կ’ենթադրէր մեծ աշխատանք, որ կը կարօտէր  հզօր հաւատքի  ու անձնուրաց նուիրումի, «Փարոս»ի մը՝ որ պիտի լուսաւորէր խաւարը… Ո՞վ կրնար այդ մէկը ստանձնել եթէ ոչ դո՛ւն, սիրելի՛ ընկերուհիս։
Ընտրուեցար ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի եւ վեց տարի, ցուպը ձեռքիդ, Քանատայէն Պոսթոն, Պոսթոնէն Հայաստան, Հայաստանէն Հալէպ եւ աշխարհի բոլոր գաղութներ մէկիկ-մէկիկ շրջեցար, կազմակերպեցիր, խրախուսեցիր, յորդորեցիր, թելադրեցիր եւ մաքնիսացնելով մտքերն ու սրտերը ուղղեցիր դէպի հայրենաշինութիւն եւ արցախապատում:
Հայրենիքի սէրը՝ մութն ու ձիւնը կը չքացնէր, զինուորին ժպիտը՝ կ’անէացնէր յոգնութիւնդ, իսկ Սօսէ մանկապարտէզի երեխաներու ճռուողիւնը, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան հիւանդանոցի նորածիններու ճիչը  կը գլէր ամէն արգելք, թռիչք կու տար անսահման երեւակայութեանդ, թեւեր՝ հասնելու ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, բառացիօրէն գործադրելու «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանը:
Եւ այդ գործի օրերուն էր, որ մենք մտերմացանք ու եղանք գործի ու գաղափարի ընկերներ. մեր վերջին հանդիպումը տունդ էր, Քանատա: Վստահ եմ, որ կը յիշէիր իրիկուան մեր մտերիմ զրոյցներն ու խնդուքը, կէսօրուան մեր ճաշը եւ «Գանձերու Կղզին», մեր հանդիպումներն ու վելուծումները, ապա մեր պտոյտները, շուկաները եւ ամենահետաքրքրականը՝ պատմութիւններդ, վեց տարիներու յիշատակներդ,  Հայաստանի «արկածախնդրութիւններդ», որքան ուզեցի որ զիս արտօնես գրի առնել այդ բոլորը, բայց համեստութիւնդ եւ գաղտնապահութիւնդ չարտօնեցին եւ այդ բոլորը հաւանաբար անհետ կորսուեցան:
Այսպէս, ոչ ոք կրցաւ կասեցնել խանդավառութիւնդ, դէմքէդ ճառագայթող ժպիտը եւ  աշխատանքային ծրագիրներուդ իրագործումը, բացի անողոք հիւանդութենէն, որ քեզ անկողնին գամեց եւ 29 Նոյեմբերին առյաւէտ ֆիզիքապէս բաժնուեցար կեանքէն:
Բայց մահն անգամ ընկրկեցաւ կամքիդ դիմաց եւ այսօր Եռաբլուրը անգամ մը եւս սրբացաւ ու արժեւորուեցաւ գաղափարական, հայրենասէր հայուհիի մը նուիրական աճիւնները ընդգրկելով իր թանկագին գիրկը: Վստահ եմ, որ հոգիդ հանգչեցաւ, երբ  աճիւններդ միախառնուեցան մեծ հայուհի՝ Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն, որոնք  ձեռքերովդ փոխադրած ու տեղադրած էիր այնտեղ:
Կեանքդ նուիրաբերեցիր հայ ժողովուրդին, հետեւաբար ոսկորներդ արժանաբար հանգչեցան հայրենի պաշտելի հողիդ մէջ: Ննջէ՛ հանգիստ, ընկերուհի՛, հայրենիքի մէջ քու շրջանիդ կատարուած տիտանային աշխատանքը յաւիտեան պիտի յուշէ անունդ: Ոչ մէկ զինուոր պիտի մոռնայ կաղանդի մութ ու ցուրտ գիշերուան ստացած ՀՕՄ-ի ջերմացնող սրտիկներով պաշարի տոպրակները, Սօսէ մանկապարտէզի իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի յիշէ իր կեանքը գունաւորող ու զարդարող Սօսէ մանկապարտէզի դասարանները, Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան հիւանդանոցի մէջ մայրացող հայուհիներու աղօթքը պիտի խաղաղեցնեն հոգիդ եւ ի վերջոյ կարելի՞ է տեսնել Սօսէ Մայրիկի կոթողը առանց ընկերուհի Վանուհին տեսնելու անոր կողքին…
Վստահ եմ, որ այսուհետեւ հոգիդ պիտի սաւառնի հայրենի երկնակամարին վրայ  ու վկայէ ցանած սերմերուդ պարարտ հողին մէջ ծլիլն ու ծաղկիլը:  Սկսած գործդ պիտի շարունակուի, ծաւալի եւ ժառանգութիւնդ պիտի մնայ առ յաւէտ:
Լինտա Գանտիլեան