Who What Wear հաստատութեան մասնագէտները սահմանած են 2022-ի նորաձեւութեան ուղղութիւնները: Ոճաբանները վերլուծած են 2022-ի գարուն – ամառ հաւաքածուներու ցուցադրութիւնները, որոնք ներկայացուած են Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին եւ առանձնացուցած են նոր եղանակի ութ հիմնական միտումները:
Անոնցմէ են, օրինակ, պարաններու տեսքով բարակ ժապաւէնները: Անոնք կը յայտնեն, որ հանդերձներ ցուցադրող գեղուհիները  նման ժապաւէններ կը կրէին իրենց իրանին կամ վիզին շուրջ:
Ըստ հրատարակութեան, նորաձեւութիւն կը վերադառնան նաեւ այն բաները, որոնք նորոյթ համարուած են 2000-ականներուն՝ կիսաշրջազգեստներ, ցած գօտիներով տաբատներ եւ ճինզեր, ինչպէս նաեւ բոհօ ոճի (անհամատեղելի գոյներու եւ ոճերու համադրում) հագուստներ եւ զարդեղէններ: Բացի այս բոլորէն, ձեւագէտները1970-ականներու ոճով սկսած են արտադրել բազմագոյն տպագրութիւններ կրող հագուստներ:  Անոնք խորհուրդ կուտան յատկապէս մուգ գոյնի մորթ ունեցողներուն հագնիլ գունագեղ հագուստներ, քանի որ այդ տարբերակները առաւելաբար անոնց կը համապատասխանեն:
Մասնագէտներ յայտարարած են, որ արդէն տարածում գտած կտրուածքներով  նեղ զգեստները այս տարի կը վերադառնան:
2022-ին նորոյթ կը համարուին նաեւ փայլուն, ատլասէ, կիսաթափանցիկ եւ ցանցաւոր հիւսուածքներէ պատրաստուած հագուստները՝ վերնաշապիկներ, զգեստներ, կիսաշրջազգեստներ, տաբատներ եւ այլն:
Վերջապէս, նորաձեւութեան գրեթէ բոլոր ապրանքանիշները նոր տարուան համար հրապարակ հանած են գնումներու յատուկ մեծ պայուսակներ: Կ’ենթադրուի, որ այդ պայուսակները պահանջուած կ’ըլլան առաւելաբար մեծ քաղաքներու բնակիչներուն կողմէ: