2022-ի ամէնէն նորոյթ գոյնը կապոյտի երանգներն են։ Ըստ երեւոյթի, գոյնի մասնագէտները նկատած են, որ մարդիկ կորսնցուցած են իրենց հանգստութիւնը, ուստի անոնց կարծիքով կապոյտ գոյնին երանգները կրնան հանգստութիւն հաղորդել զգեստի ճամբով։
Այս պատճառով ալ «գարուն-ամառ 2022»-ի նորոյթ գոյներուն մէջ ներառուած են՝ նուրբ երկնագոյնը, կապոյտի եւ կանաչի միութիւնը, տիեզերական մեղմ կապոյտի երանգը, Կանաչը՝ յատկապէս «Ռեհան»ի երանգով զարդեղէնները։ Հանգիստ ու նուրբ բնոյթ կրող մարդոց պարագային վայելուչ կը համարուին նաեւ սպիտակ կամ շաքարագոյն հագուստները։
 Ամենայնդէպս, 2022-ի գարուն-ամառ եղանակի նորոյթ ներկապնակը կը ներառէ նաեւ վառ եւ խելահեղ կարմիր եւ դեղին գոյներ: