Նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Ուրբաթ, 14 Յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս գումարուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 169-րդ նիստը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Թեմիս ազգային երեսփոխանները, Սրբազան Հօր հրաւէրով հիւրաբար ժամանած Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Առաջնորդի օգնական Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ` Հոգեշնորհ Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի շրջանաւարտ կազմերը, ինչպէս նաեւ Ազգային Խորհուրդներու ատենապետները:
Նիստը յատկացուած էր Թեմի շրջանաւարտ Գործադիր Իշխանութեան զոյգ կազմերուն` Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան գործունէութեան երկամեայ (2019-2021) տեղեկագրերու ընթերցման, քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:
 
Առաջնորդ Սրբազան հայրը աղօթքով պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ժողովը: Յոտնկայս ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան գիրը, Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի կողմէ: Օրհնութեան գիրով Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, թէ ժողովին կայացումը առիթ մը պէտք է հանդիսանայ քննարկելու եւ արժեւորումը կատարելու ցարդ տարուած աշխատանքին ու ապա ծրագրելու կատարուելիք աշխատանքը: Ան թելադրեց ծրագրումներուն մէջ յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ գաղութի վերականգնումին առնչուած աշխատանքները, բոլոր բնագաւառներէն ներս: Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան եկեղեցաշէն ու ազգանուէր ծառայութիւնը, աղօթելով, որ Ամենաբարին Աստուած Իր օրհնութիւնը առատօրէն հեղու սուրիական հայրենիքին ու անոր հայրենանուէր ժողովուրդին վրայ:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի բացման խօսքը արտասանեց: Սրբազան Հայրը իր խօսքին սկիզբը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, նշելով, որ անցնող երկու տարիներուն, հակառակ պսակաձեւ ժահրի համավարակին եւ տնտեսական ծանր իրավիճակին, Թեմիս ազգային եւ եկեղեցական կեանքը աշխուժօրէն ընթացաւ: Ապա, Սրբազան Հայրը որդիաբար իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ սուրիահայութեան նկատմամբ իր հայրական հոգատարութեան համար: Մասիս Սրբազան յայտնեց, թէ սերտ գործակցութիւնը գրաւականը կը հանդիսանայ աշխատանքներու ծաղկման: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց սուրիահայութեան ունեցած դերը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, իսկ ներկայիս՝ վերականգնումի այս հանգրուանին, Սրբազան Հայրը կարեւորեց արտասահմանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը՝ սուրիահայութեան վերելքին եւ ծաղկման նուիրական առաքելութեան մէջ: Ան նշեց, թէ որպէս մէկ ընտանիք, բոլորս կը կրենք նոյն ցաւը, ուրախութիւնն ու յաջողութիւնը: Հետեւաբար, որպէս մէկ ամբողջութիւն, դէպի վեր ընթանալու եւ Թեմին նպաստող կարեւոր ծրագիրներ իրականացնելու հրաւիրեց բոլորը, միասնական ճիգով Բերիոյ Հայոց Թեմը իր բոլոր շրջաններով առաւել ծաղկեցնելու եւ պայծառացնելու դիտումով։
 
Յետ Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի տեղեկագրերու ընթերցման, շինիչ քննարկումներ կատարուեցան, գնահատական արձանագրուեցաւ եւ ժողովականներուն կողմէ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ժողովին կողմէ որդեգրուեցան յօգուտ Թեմի առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման:
 
Ժողովի աւարտին, տեղի ունեցան Թեմի Գործադիր Իշխանութեան երկու նոր կազմերուն ընտրութիւնը, հետեւեալ ցանկով.-
Կրօնական Ժողովի կազմ՝
Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան
Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան
Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան
Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան
Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերէնցեան
Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան
Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան
Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
Պատուոյ անդամ նկատի ունենալով Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան:
 
Ազգ. Վարչութեան կազմ՝
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան
Երկրչ. Մարալ Գալայճեան- Սէմէրճեան
Տիար Մանօ Տէր Մանուէլեան
Տիար Գուրգէն Գալուստեան
Տիար Փիեռ Մուսալլի
Երկրչ. Յարութ Աւընեան
Տիար Արմէն Գասպարեան
Ընտրուեցաւ նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նոր դիւանը`
Տիար Ժիրայր Ռէիսեան (Ատենապետ)
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան (Ատենապետ)
Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան (Ատենադպիր)
Օր. Մակի Պէրպէրեան (Ատենադպիր)
 
Նիստի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի նոր ազգային երեսփոխանները, իր գնահատանքը յայտնեց շրջանաւարտ կազմի ատենապետին ու անդամներուն, ողջունեց եւ շնորհաւորեց Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի նորընտիր կազմերը, բոլորին մաղթելով մնայուն վերելք: Սրբազան Հայրը գնահատեց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի դիւանի անդամներ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանը եւ օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեանը, որոնք երկար տարիներու ընթացքին կատարեցին Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենադպրութեան պաշտօնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց դիւանի նոր անդամները՝ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանը եւ օրդ. Մակի Պէրպէրեանը:
 
Մասիս եպիսկոպոս նոր կազմերուն մաղթեց, որ վերանորոգ թափով եւ միասնական ճիգով շարունակեն ազգօգուտ գործունէութիւնը: Սրբազանը անձնապէս եւ ժողովականութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ մօտէն կը հետաքրքրուի ինչպէս բոլոր թեմերով, նոյնպէս Բերիոյ Հայոց Թեմով, հայրական սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերելով սուրիահայութեան նկատմամբ եւ այս առիթով Նորին Սրբութեան մաղթեց արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն:
Մասիս Սրբազանը իր փակման խօսքին մէջ ժողովականներուն յիշեցուց, թէ այս տարին Վեհափառ Հայրապետը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», հետեւաբար ան մաղթեց, որ Թեմի բոլոր աշխատանքները ըլլան ի նպաստ Սփիւռքի առաւել ծաղկման եւ բարգաւաճման: Ան յիշեցուց նաեւ, որ այս տարի Անթիլիասի մէջ միւռոնօրհնէք պիտի կատարուի եւ մաղթեց, որ միւռոնօրհնէքի ճամբով Աստուծոյ օրհնութիւնը բուրէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի, մանաւանդ Սուրիոյ ողջ տարածքին վրայ եւ աղօթք մատուցելով յիշեց նահատակ հայորդիները, որոնք իրենց անձերը վասն հայրենեաց զոհաբերեցին:
Նիստը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
 
ԴԻՒԱՆ
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ