«Արմէնփրէս».- 13 Յունուարին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF) յայտարարութիւն մը տարածած է՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Ֆրանսայի նախագահի հանրապետական թեկնածու Իլ տը Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրեսի ուղղուած սպառնալիքներուն մասին: Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան տեղեակ չէ եղած Վալերի Փեքրեսի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութենէն, սակայն, իմանալու պարագային ակնյայտ է, որ թոյլ չէր տար զինք լքելու Լեռնային Ղարաբաղը: CCAF կոչ ուղղած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն Ատրպէյճանէն բացատրութիւն եւ ներողութիւն պահանջելու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուի հասցէին այդպիսի սպառնալից յայտարարութեան համար, եւ չստանալու պարագային, յետս կոչելու իր դեսպանը Պաքուէն եւ Ֆրանսայէն արտաքսելու Ատրպէյճանի դեսպանը: Յիշեցնենք,որ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Վալերի Փեքրես Հայաստան եւ Արցախ այցելած է նախորդ տարուան 21-էն 23 Դեկտեմբերին: Այցելութեան ընթացքին զինք ուղեկցած են Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ նախկին եւրոպական յանձնակատար Միշէլ Պարնիէն, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի Ծերակոյտի հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Ռըտայօն: